Արամ Ա եւ Աֆրամ Բ Հոգեւոր պետերը։ Արամ Ա եւ Աֆրամ Բ Հոգեւոր պետերը։ 

Հանդիպում Արամ Ա. Եւ Աֆրամ Բ. Հոգեւոր պետերուն միջեւ

Հանդիպումին ներկայ էին երկու եկեղեցիները ներկայացնող եպիսկոպոսներ ու հոգեւոր հայրեր:

Չորեքշաբթի, 7 յուլիս 2021-ի երեկոյեան, Աթշանէի (Լիբանան) ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ պատրիարքարանին մէջ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. եւ Աֆրամ Բ. հոգեւոր պետերուն միջեւ: Հանդիպումին ներկայ էին երկու եկեղեցիները ներկայացնող եպիսկոպոսներ ու հոգեւոր հայրեր:

Ունկնդրէ լուրը

Հանդիպման ընթացքին թէ՛ վեհափառ հայրապետը եւ թէ՛ պատրիարքը անդրադարձան հայ եւ ասորի եկեղեցիներուն ու ժողովուրդներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող պատմական յարաբերութեան եւ հասարակաց սկզբունքներուն ու արժէքներուն` դաւանաբանական, մշակութային, միջեկեղեցական եւ միջկրօնական մարզերուն մէջ: Շեշտուեցաւ, թէ երկու ժողովուրդները զոհը դարձած են ցեղասպանութեան եւ, հետեւաբար, սերտ գործակցութեամբ պէտք է շարունակեն իրենց արդար պահանջը: Այս առիթով նաեւ ընդգծուեցաւ երկու եկեղեցիներուն միջեկեղեցական գործակցութիւնը աւելի ամրացնելու հրամայականը` տեղական, շրջանային ու միջազգային մակարդակներու վրայ:

Քաղուած «Ազդակ»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/07/2021, 08:31