Ողողումներ` Պելճիքայի եւ Գերմանիոյ մէջ Ողողումներ` Պելճիքայի եւ Գերմանիոյ մէջ 

Ողողումներ` Պելճիքայի եւ Գերմանիոյ մէջ

Գերմանիոյ մէջ ողողումներու զոհերուն թիւը երէկ բարձրացան աւելի քան 100-ի:

Պելճիքայի հարաւը ողողումներու պատճառով զոհերու թիւը հասած է 11-ի: Այս մասին կը հաղորդէ «Էռ.Թէ.Պէ.էֆ.» պատկերասփիւի կայանը:

«Իշխանութիւնները հաստատած են 11 մարդու մահը, երեք փրկարար, որոնց նաւակը շրջուած է ցեխային հոսքի մէջ, անհետ կորսուած կը նկատուին», նշուած է նիւթին մէջ:

Ողողումներուն պատճառ դարձած են յորդառատ անձրեւները, որոնք յանգեցուցած են քանի մը գետերու ջուրի մակարդակի բարձրացման: Լիմպուրկի մէջ մէկ օրուան մէջ տեղացած է 130 միլլիմեթր անձրեւ, Լիեժ նահանգին մէջ` 150 միլլիմեթր:

Իշխանութիւնները կը յայտնեն, որ ներկայ դրութեամբ Պելճիքայի հարաւային մասին մէջ գտնուող քաղաքներու փողոցներուն մէջ ջուրի մակարդակը կը հասնի 50-60 սանթիմեթրի, որոշ տեղերու մէջ` մէկ մեթրի: Աղէտը ոչնչացուցած է աւելի քան 20 տուն:

«Քորրեսփոնտենթ»` յղում կատարելով Գերմանիոյ Արվայլեր շրջանի վարչակազմի կայքին, կը հաղորդէ, որ Գերմանիոյ Արվայլեր շրջանին մէջ յորդառատ անձրեւներուն յառաջացուցած ողողումներուն պատճառով շուրջ 1300 մարդիկ անհետ կորսուած կը նկատուին:

Նախապէս Գերմանիոյ իշխանութիւնները յայտնած էին, որ ողողումներու ժամանակ Գերմանիոյ արեւմտեան մասին մէջ մահացած է առնուազն 70 մարդ, իսկ անհետ կորսուածներու որոնման աշխատանքներուն մասնակից են արտակարգ ծառայութիւններու ուժերը, ինչպէս նաեւ զինուորներն ու իրաւապահները:

Ար գետի եւ ատոր վտակներուն մէջ որոնողափրկարարական աշխատանքները կը շարունակուին: Փրկարարական աշխատանքներ կը տարուին նաեւ Հիւսիսային Հռենոս-Վեսթֆալիա եւ Պատեն-Վիւրթեմպերկ երկրամասերուն մէջ:

«Մետուզա» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Ռուսիոյ մայրաքաղաք Մոսկուայի մէջ յորդառատ անձրեւները հեղեղած են «Շերեմեթեւօ» օդակայանը: Ականատեսներ տեսանիւթեր հրապարակած են ընկերային ցանցերու վրայ` ներկայացնելով, թէ ինչպէ՛ս էջուղին ամբողջովին ողողուած է ջուրով:

Հեղեղուած է նաեւ օդակայանի ստորգետնեայ կառատունը: Յետաձգուած են աւելի քան 20 տեղական եւ միջազգային թռիչքներ:

Արտակարգ իրավիճակի ծառայութենէն յայտնած են, որ անձրեւներու պատճառով հեղեղուած են տասնեակ ճամբաներ եւ փողոցներ, երկու տասնեակ ծառեր ինկած են, վնասուած են քանի մը ինքնաշարժներ:

Մոսկուայի իշխանութիւնները զգուշացուցած են, որ անձրեւները պիտի շարունակուին:

Գերմանիոյ մէջ ողողումներու զոհերուն թիւը երէկ բարձրացան աւելի քան 100-ի:

Քաղուած «Ազդակ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/07/2021, 10:34