Վանի հայկական եկեղեցի Վանի հայկական եկեղեցի 

Վանի Սուրբ Թովմաս Հայկական Լքուած վանքը վերածուած է գոմի

Թովմաս առաքեալի մասունքները ամփոփելու նպատակով 11րդ դարուն կառուցուած եկեղեցին կը գտնուի Վանայ լիճին մօտ, 2000 մեթր բարձրութեամբ բլուրի մը գագաթին։

ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր»․- Վանի Սուրբ Թովմաս հայկական վանական համալիրը կիսաւեր, լքուած եւ անմխիթար վիճակի մէջ է։ Գանձախոյզներու եւ կլիմայական վատ պայմաններու պատճառով մեծապէս վնասուած համալիրը այսօր կարիքը ունի վերականգնման ու խնամքի։

Ունկնդրէ լուրը

Վանքը ամրան ընթացքին՝ կը վերածուի անասուններու ժամանակաւոր գոմի:

Թովմաս առաքեալի մասունքները ամփոփելու նպատակով 11րդ դարուն կառուցուած եկեղեցին կը գտնուի Վանայ լիճին մօտ, 2000 մեթր բարձրութեամբ բլուրի մը գագաթին։

Վանի Ոստան շրջանին մէջ գտնուող վանական համալիրը կիսաւեր ըլլալուն պատճառով, այսօր նաեւ զբօսաշրջիկներու կողմէ անտեսուած է։

Հակառակ թուրքիոյ իշխանութիւններուն ուղղուած բազմաթիւ կոչերուն՝ վանական համալիրը բարեկարգելու եւ պահպանելու համար դեռ ոչ մէկ միջոց ձեռնարկուած է:

Քաղուած «Ասպարէզ»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/06/2021, 08:33