Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պայտըն Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պայտըն 

Ստրկութեան աւարտը ազդարարող խորհրդանշական օր՝ 19 յունիսը դաշնակցային արձակուրդ

նախագահ Էպրըհամ Լինքըն ստորագրած էր ստրկութեան վերջ դնող հռչակագիրը, որ ի զօրու դարձաւ 1 Յունուար 1863ին,

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ռոյթըրզ»․- Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն Հինգշաբթի, 17 Յունիսի յետմիջօրէին ստորագրեց երկիրն մէջ ստրուկներու ազատագրման խորհրդանշական օրը՝ 19 Յունիսը, դաշնակցային արձակուրդ դարձնող օրինագիծը, որ հաստատուած էր Քոնկրեսին կողմէ։

Նշենք, որ նախագահ Էպրըհամ Լինքըն ստորագրած էր ստրկութեան վերջ դնող հռչակագիրը, որ ի զօրու դարձաւ 1 Յունուար 1863ին, սակայն հարաւային նահանգներուն դիմադրութեան պատճառով, այդ շրջաններուն մէջ ստրկութիւնը շարունակուեցաւ եւ միայն քաղաքացիական պատերազմին աւարտէն ետք՝ Դեկտեմբեր 1865ին, պաշտօնապէս ընդունուեցաւ Սահմանադրութեան 13րդ յաւելուածը, որ կ՛արգիլէ ստրկութիւնը ամբողջ երկրին տարածքին:

19 Յունիսին աւանդաբար կը տօնուի այդ յաղթանակը, որովհետեւ 1865ի այդ օրը, Թեքսասի սեւամորթները նոր իմացան իրենց ազատագրումին մասին՝ կազմակերպելով տօնակատարութիւններ ։

Քաղուած «Ասպարէզ»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/06/2021, 08:42