ԵՈՒՆԵՍՔՕ ԵՈՒՆԵՍՔՕ 

Պաքու «Պատրաստ է ընդունելու» ԵՈՒՆԵՍՔՕի Առաքելութիւնը

Կը հաղորդուի, որ վերջերս, մասնաւորաբար, քննարկումներ տեղի ունեցած են ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի առաքելութեան Աղտամի (Ակնա) եւ Ֆիզուլիի (Վարանդա) շրջաններ, ինչպէս նաեւ Շուշի այցելութեան վերաբերեալ:

Ազրպէյճանական կողմը պատրաստ է ընդունելու ՄԱԿ-ի կրթական, գիտական եւ մշակութային կազմակերպութեան` ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի առաքելութիւնը եւ կոչ ուղղած է կազմակերպութեան արագացնելու այդ հոլովոյթը: Ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքին համաձայն, այս մասին յայտարարած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:

Կը հաղորդուի, որ վերջերս, մասնաւորաբար, քննարկումներ տեղի ունեցած են ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի առաքելութեան Աղտամի (Ակնա) եւ Ֆիզուլիի (Վարանդա) շրջաններ, ինչպէս նաեւ Շուշի այցելութեան վերաբերեալ:

«Ազրպէյճանական կողմի եւ ՄԱԿ-ի գաղթականներու հարցով գերագոյն յանձնակատարի գրասենեակին միջեւ կատարուած քննարկումներուն հիմամբ համաձայնութիւն գոյացած է Ազրպէյճանի` տագնապէն վնասուած տարածքին մէջ առաքելութեան իրականացման մասին: Ազրպէյճանը ամբողջովին պատրաստ է ընդունելու նաեւ ՄԱԿ-ի գաղթականներու հարցով գերագոյն յանձնակատարի գրասենեակին առաքելութիւնը: Ներկայ պահուս պատասխանի կը սպասենք երկու կազմակերպութիւններէն», կը նշուի արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ:

Քաղուած «Ազդակ»էն

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/06/2021, 10:11