Եւրոպական Խորհուրդին դրօշը Եւրոպական Խորհուրդին դրօշը 

Եւրոպական Խորհուրդը կոչ կ՛ուղղէ Հայաստանին Եւ Ազրպէյճանին վերսկսիլ բանակցութիւնները

Եւրոպական խորհուրդը յայտարարութեան մէջ նշած է, որ Նիկոլ Փաշինեանին հետ հանդիպումէն եւ Իլհամ Ալիեւին հետ հեռաձայնային հաղորդակցութենէն ետք Շարլ Միշել կողմերուն կոչ ուղղած է վերսկսելու բանակցութիւնները Ղարաբաղի մէջ իրավիճակի լուծման եւ ռազմագերիները վերադարձնելու շուրջ
Ունկնդրէ լուրը

Եւրոպական խորհուրդը կոչ կ՛ուղղէ Հայաստանին եւ Ազրպէյճանին վերսկսելու բանակցութիւնները: Այս մասին գրած է ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը:

Եւրոպական խորհուրդը յայտարարութեան մէջ նշած է, որ Նիկոլ Փաշինեանին հետ հանդիպումէն եւ Իլհամ Ալիեւին հետ հեռաձայնային հաղորդակցութենէն ետք Շարլ Միշել կողմերուն կոչ ուղղած է վերսկսելու բանակցութիւնները Ղարաբաղի մէջ իրավիճակի լուծման եւ  ռազմագերիները վերադարձնելու շուրջ, ինչ որ կարեւոր է շրջանային անվտանգութեան եւ կայունութեան համար:

Եւրոպական խորհուրդը պատրաստ է փորձաքննական գիտելիքներ տրամադրելու` սահմանազատման ու սահմանագծման աջակցելու համար:

Քաղուած «Ազդակ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/06/2021, 11:20