ԵԱՀԿի Նախագահ Ան Լինտէ ԵԱՀԿի Նախագահ Ան Լինտէ 

ԵԱՀԿի Նախագահը դարձեալ կոչ ըրաւ՝ ազատ արձակելու ռազմագերիները

Լինտէ վստահութեան ամրապնդման ողջունելի քայլ համարեց 15 հայ ռազմագերիներու վերադարձը եւ Հայաստանի կողմէ ականներու քարտէսը տրամադրելը՝ դրուատելով Վրաստանի «արժէքաւոր դերակատարութիւնը
Ունկնդրէ լուրը

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս»․- ԵԱՀԿի նախագահ եւ Շուէտի արտաքին գործոց նախարար Անն Լինտէ Երեքշաբթի օր դարձեալ կոչ ըրաւ Ատրպէյճանին, որ անյապաղ ազատ արձակէ հայ ռազմագերիները եւ վերսկսի բանակցութիւնները` ԵԱՀԿի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան հովանիին տակ հասնելու համար Արցախի տագնապին  քաղաքական լուծումին: Լինտէ այս հաստատումը կատարեց իբրեւ պատասխան «Արմէնփրէս»ի դիտարկումին, թէ հայ հասարակութիւնը հիասթափուած է Արցախի պատերազմին ընթացքին ԵԱՀԿի կրաւորական դիրքորոշումէն եւ այն հարցումին, թէ ԵԱՀԿը համաձա՞յն է Ալիեւի այն պնդումին, թէ Արցախի հակամարտութիւնը լուծուած է:

Ան նաեւ վստահութեան ամրապնդման ողջունելի քայլ համարեց 15 հայ ռազմագերիներու վերադարձը եւ Հայաստանի կողմէ ականներու քարտէսը տրամադրելը՝ դրուատելով Վրաստանի «արժէքաւոր դերակատարութիւնը»։

Քաղուած «Ասպարէզ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/06/2021, 07:59