Փաքիստանի մէջ 2 գնացքի բախումի Փաքիստանի մէջ 2 գնացքի բախումի 

Փաքիստանի մէջ 2 գնացքի բախումին պատճառով զոհեր եւ վիրաւորներ

Արկածը տեղի ունեցած է Սինտի հարաւային նահանգի Կոթքի քաղաքի շրջանին մէջ: Գնացքներէն մէկը դուրս եկած է երկաթուղիէն, որուն պատճառով ալ երկրորդ գնացքը անոր բախած է:

Երէկ Փաքիստանի հարաւը առնուազն 50 զոհ եւ 70 վիրաւոր արձանագրուած է երկու ճամբորդատար գնացքներու բախումին պատճառով: «Արմէնփրես» կը նշէ, որ այս մասին կը հաղորդէ «Ճէօ Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանը` վկայակոչելով ոստիկանութիւնը եւ փրկարարները:

Ունկնդրէ լուրը

Արկածը տեղի ունեցած է Սինտի հարաւային նահանգի Կոթքի քաղաքի շրջանին մէջ: Գնացքներէն մէկը դուրս եկած է երկաթուղիէն, որուն պատճառով ալ երկրորդ գնացքը անոր բախած է:

Փաքիստանեան ոստիկանութեան ներկայացուցիչը աւելցուցած է, որ տեղւոյն բնակիչները, փրկարարները եւ ոստիկանութիւնը վիրաւոր ուղեւորներուն եւ զոհերուն մարմինները կը տանին մօտակայ հիւանդանոցներ: Այս պահուս փրկարարական գործողութիւնը կը շարունակուի:

Քաղուած «Ազդակ»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/06/2021, 10:23