Մինսք Մինսք 

Մինսքի խումբը տարածաշրջան պիտի այցելէ

Ռուսաստանի դեսպանի խօսքով՝ Մինսքի խումբի համանախագահներու առաջիկայ տարածաշրջանային այցը օրակարգի մէջ է, սակայն թէ ճիշդ ե՞րբ այն տեղի կ'ունենայ՝ առայժմ յստակ տեղեկութիւններ չկան:

Ռուսաստանը այն կարծիքին է, որ Լեռնային Ղարաբաղի հարցով զբաղող ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներու ձեւաչափը երբեք ալ չէ դադրեցուցած իր գործունէութիւնը եւ կը շարունակէ գործել: «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է Հայաստանի մէջ Ռուսաստանի Դաշնութեան դեսպան Սերկէյ Քոփիրքինը՝ անդրադառնալով Արցախեան հիմնախնդրի կարգաւորման շուրջ բանակցային գործընթացի վերսկսման հարցին:

«Մենք կը մեկնինք այն մօտեցումէն, որ համանախագահներու ձեւաչափը կը շարունակէ գործել, կան հարցեր, որոնք կը մտնեն համանախագահութեան ձեւաչափի օրակարգի մէջ, եւ կը կարծեմ՝ այստեղ շատ բան կախուած պիտի ըլլայ կողմերու դիրքորոշումներէն»,- մեկնաբանած է Քոփիրքինը:

Ռուսաստանի դեսպանի խօսքով՝ Մինսքի խումբի համանախագահներու առաջիկայ տարածաշրջանային այցը օրակարգի մէջ է, սակայն թէ ճիշդ ե՞րբ այն տեղի կ'ունենայ՝ առայժմ յստակ տեղեկութիւններ չկան:

ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներ Իկոր Փոփովը (Ռուսաստան), Ստեֆան Վիսքոնթին (Ֆրանսիա) եւ Էնտրիւ Շոֆըրը (ԱՄՆ) 13 Ապրիլի համատեղ յայտարարութեամբ կոչ ըրած էին ԼՂ հակամարտութեան կողմերուն վերսկսելու բարձր մակարդակի քաղաքական երկխօսութիւնը համանախագահներու հովանիի ներքոյ:

ԵԱՀԿ-ի մէջ Ռուսաստանի Դաշնութեան մշտական ներկայացուցիչ Ալեքսանտր Լուքաշեւիչը 1 Յունիսին յայտարարած էր, որ եռանախագահները հնարաւոր է՝ մօտ ժամանակներու մէջ պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերեն հայ-ատրպէյճանական սահման այցելելու վերաբերեալ։

Քաղուած «Արեւելք»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/06/2021, 10:07