Ռայի Պատրիարքը Ռայի Պատրիարքը 

«Պիտի չթողունք, որ Լիբանան փլուզուի». Ռայի Պատրիարք

Լիբանանի հարցերու լուծումը կարիքն ունի միջազգային հանրութեան օժանդակութեան ու նեցուկին
Ունկնդրէ լուրը

Լիբանանի Մարոնիներու Պատրիարք Մար Պըշարա Պըթրոս Ալ Ռահի այսօրուան իր քարոզին ընթացքին ահազանգ հնչեցնելով նշեց, որ Լիբանան կը գտնուի փլուզման սեմին։

Ռահի նաեւ կասկած յայտնած կառավարութեան չկազմուելուն վերաբերեալ նշելով, որ կան որոշ տեղեկութիւններ, որ կառավարութեան չկազմուելով, որոշ ուժեր նպատակ ունին չեղեալ համարել յառաջիկայ խորհրդարանական ու նաեւ նախագահական ընտրութիւնները։

 Մարոնի Պատրիարքը խօսելով երկրին մէջ տիրող տագնապալի վիճակին մասին, ըսաւ, որ Լիբանանի հարցերու լուծումը կարիքն ունի միջազգային հանրութեան օժանդակութեան ու նեցուկին։

 Ան աւարտելով իր խօսքը դիտել տուաւ ՝«Պիտի չթողունք, որ Լիբանանը փլուզուի, եւ պիտի պայքարինք, որ Լիբանանը շարունակէ կառչած մնալ ժողովրդավարական արժէքներուն»։

Քաղուած «Արեւելք» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/06/2021, 08:28