Խորհրդարան Խորհրդարան 

Նետերլանտներու խորհրդարանի նոր բանաձեւը կը պահանջէ անմիջապէս ազատ արձակել Հայ գերիները

«Խորհրդարանը նախարարին կոչ կ՛ուղղէ` (Եւրոպական) խորհուրդին մէջ ճնշում գործադրելու Ազրպէյճանի վրայ` անմիջապէս բոլոր հայ գերիները

Նետերլանտներու խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին մէջ 16 յունիսին տեղի ունեցած ծաւալուն քննարկումներուն հիման վրայ, խորհրդարանը 17 յունիսին կայացած լիագումար նիստին ընթացքին ձայներու ճնշող մեծամասնութեամբ (147 թեր, 3 դէմ) որդեգրած է բանաձեւ, որով կը պահանջէ հայ պատերազմական գերիները եւ քաղաքայինները ազատ արձակել:

«Արմէնփրես»-ի հաղորդումով` բանաձեւին մէջ կը նշուի. «Քանի որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ Ռուսիոյ միջնորդութեամբ կնքուած է զինադադար, որուն մաս կը կազմէ գերիներու, պատանդներու եւ այլ ձերբակալուածներու ու զոհուածներու աճիւններու փոխանակումը,

«Քանի որ այդ երկիրները պարտաւոր են արժանապատուօրէն վերաբերիլ գերիներուն եւ պաշտպանել ձերբակալուած քաղաքայինները,

«Արձանագրելով, որ Ազրպէյճանը տակաւին չէ ազատած բոլոր հայ գերիները,

«Խորհրդարանը նախարարին կոչ կ՛ուղղէ` (Եւրոպական) խորհուրդին մէջ ճնշում գործադրելու Ազրպէյճանի վրայ` անմիջապէս բոլոր հայ գերիները եւ ձերբակալուած անձերը հայրենիք վերադարձնելու համար»:

Քաղուած «Ազդակ»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/06/2021, 09:36