Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն 

Մաքրոն Ալիեւին խորհուրդ տուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕի առաքելութեան արտօնել Արցախ այցը։

Ֆրանսայի նախագահը մասնաւորաբար կ՛ակնկալէ, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղ սահմանագծում իրականացուի եւ գերիները ազատ արձակուին:

ՊԱՔՈՒ, «ՌԻԱ Նովոսթի»․- Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն իր ատրպէյճանցի պաշտօնակից Իլհամ Ալիեւին ուղղուած նամակին մէջ խորհուրդ տուած է դիւրացնել ԵՈՒՆԵՍՔՕի առաքելութեան Արցախ մուտքը, կը հաղորդէ Ատրպէյճանի նախագահի մամլոյ ծառայութիւնը:

«9 Նոյեմբեր 2020ի եռակողմ յայտարարութեան ստորագրութենէն վեց ամիս ետք պէտք է շարունակել աշխատիլ կայուն խաղաղութեան պայմաններ ստեղծելու համար», իր նամակին մէջ կ՛ըսէ Մաքրոն:

Ֆրանսայի նախագահը մասնաւորաբար կ՛ակնկալէ, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղ սահմանագծում իրականացուի եւ գերիները ազատ արձակուին:

«Տարածաշրջանին ամբողջ ժառանգութեան պահպանումը՝ իր բազմազանութեամբ, շատ կարեւոր է: Այս առումով խորհուրդ պիտի տայի դիւրացնելու ԵՈՒՆԵՍՔՕի առաջարկած առաքելութեան մուտքը», կ՛ըսուի Մաքրոնի նամակին մէջ:

Յիշեցնենք, որ ԵՈՒՆԵՍՔՕնանցեալ տարուան Նոյեմբերին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումներու ընթացքին առաջարկած էր փորձագիտական առաքելութիւն ուղարկել Արցախ` պաշտպանելու համար մշակութային ժառանգութեան կառոյցները, սակայն ցարդ Պաքու այդ այցելութեան օրը չէ որոշած:

Քաղուած «Ասպարէզ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/06/2021, 09:42