.

Լիւքսամպուրկ Պաքուին կոչ ըրաւ՝ անյապաղ ազատ արձակելու բոլոր Հայ գերիները

«Հայ-ատրպէյճանական սահմանին վրայ վերջին զարգացումները մտահոգիչ են

Լիւքսամպուրկի արտաքին գործոց նախարարութիւնը Ատրպէյճանին կոչ ըրաւ՝ անյապաղ ազատ արձակելու բոլոր հայ գերիները եւ պահուող անձերը:

Ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ Լիւքսամպուրկի արտաքին գործոց նախարարութեան «Թուիթըր»ի հաշիւին վրայ հրապարակուած է հետեւեալ գրառումը.

«Հայ-ատրպէյճանական սահմանին վրայ վերջին զարգացումները մտահոգիչ են եւ վտանգաւոր. լարուածութեան անյապաղ մեղմացումը անհրաժեշտ է: Մենք կը շարունակենք Ատրպէյճանին կոչ ուղղել՝ անյապաղ ազատ արձակելու բոլոր պատերազմական գերիները եւ պահուող անձերը»:

Լիւքսամպուրկի արտաքին գործոց նախարարութեան գրառման կից տեղադրուած է Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ տիրող կացութեան վերաբերող Եւրոպական Միութեան յայտարարութիւնը, որ հրապարակուած էր 28 Մայիսին:

Քաղուած «Ասպարէզ»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/06/2021, 08:34