Մերձ. Արեւելքի Աստուածաբանութեան հիմնարկի վկայականաց բաշխման հանդիսութիւնը Մերձ. Արեւելքի Աստուածաբանութեան հիմնարկի վկայականաց բաշխման հանդիսութիւնը 

Պէյրութի մէջ. Տեղի ունեցած է Մերձ. Արեւելքի Աստուածաբանութեան հիմնարկի վկայականաց բաշխման հանդիսութիւնը

Շրջանաւարտները իրենց վկայականները ստացան հիմնարկի տնօրէն Ճորճ Սապրայի ձեռամբ։

Օրերս Պէյրութի մէջ կայացած է Մերձաւոր Արեւելքի Աստուածաբանութեան հիմնարկի վկայականաց բաշխման հանդիսութիւնը։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ ՄԱՀԵՄ-ի դիմատետրի պաշտօնական էջէն։

 Աղբիւրը այս մասին մասնաւորապէս գրած է՝

Շաբաթ 12 յունիսին, տեղի ունեցաւ Մերձաւոր Արեւելքի Աստուածաբանական դպրոցի վկայականաց բաշխման 88-րդ հանդիսութիւնը: Այս առթիւ հոգեւոր հովուութեան թեկնածուներ՝ Շանթ Ակիշեանը եւ Ասատուր Մնչերեանը, ինչպէս նաեւ Ժամիլ Խադերն ու Խալիլ Հատտատը ստացան աստուածաբանութեան մագիստրոսի կոչում։

Իսկ Եուսոֆ Եագուպը ստացաւ աստուածաբանական ուսումնասիրութիւններու վկայական։ Շրջանաւարտները իրենց վկայականները ստացան հիմնարկի տնօրէն Ճորճ Սապրայի ձեռամբ։

Նշենք, որ հանդիսութեան պաշտօնական արարողութեան նոյնպէս ներկայ եղած են ՄԱՀԵՄ-ի Վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեան, ինչպէս նաեւ Լիբանանի հայ աւետարանական համայնքի պատասխանատու գործիչներէն՝ Հայկազեան համալսարանի նախագահ Վեր. Փօլ Հայտոսթեան։

Քաղուած «Արեւելք»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/06/2021, 10:00