Նախագահ Աուն ե Լիբանանի մէջ պապական նուիրակի տեղակալ գերապայծառ Ճիուզեփէ Ֆրանքոնի Նախագահ Աուն ե Լիբանանի մէջ պապական նուիրակի տեղակալ գերապայծառ Ճիուզեփէ Ֆրանքոնի 

Նախագահ Աուն Ֆրանչիսկոս Պապին յղեց նամակ մը

Նախագահ Աուն շեշտեց, որ լիբանանցիները յոյսով կը սպասեն լիբանանցի քրիստոնեայ հոգեւոր պետերուն հանդիպումին, որուն հրաւիրած է պապը, Վատիկանի մէջ, հինգշաբթի, 1 յուլիս 2021-ին

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ պապական նուիրակի տեղակալ գերապայծառ Ճիուզեփէ Ֆրանքոնին, որուն յանձնեց գրաւոր նամակ մը` յղուած Ֆրանչիսկոս պապին:

Ունկնդրէ լուրը

Նախագահ Աուն շեշտեց, որ լիբանանցիները յոյսով կը սպասեն լիբանանցի քրիստոնեայ հոգեւոր պետերուն հանդիպումին, որուն հրաւիրած է պապը, Վատիկանի մէջ, հինգշաբթի, 1 յուլիս 2021-ին:

Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ Լիբանան կ՛ապրի դժուար պայմաններու մէջ եւ այդ փուլին ընթացքին ան կարիքը ունի քոյր ու բարեկամ պետութիւններուն, որոնցմէ գլխաւորը` Վատիկանի, որ աշխարհին մէջ իր իւրայատուկ տեղը կը գրաւէ:

Նախագահ Աուն պապին յղած իր նամակին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց` լիբանանցի քրիստոնեայ հոգեւոր պետերը հանդիպումի հրաւիրելուն համար:

Նամակին մէջ նախագահ Աուն անդրադարձաւ նաեւ լիբանանեան իրավիճակին, ինչպէս նաեւ շրջանին եւ աշխարհին մէջ Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն դերակատարութեան իր գնահատումին:

Ֆրանքոնի իր կարգին հաստատեց, որ պապը յատուկ ուշադրութիւն կ՛ընծայէ Լիբանանին, եւ 1 յուլիսի հանդիպումը պիտի ըլլայ առիթ մը` վերահաստատելու Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն նկատմամբ Վատիկանի զօրակցական կեցուածքը:

Միւս կողմէ, Վատիկանի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին արտաքին գործոց նախարար Փիեթրօ Քալիկըր եպիսկոպոս հաստատեց, որ Վատիկան առանձինն չի կրնար զօրակցիլ Լիբանանին, այլ` միջազգային ընտանիքը ամբողջութեամբ պէտք է Լիբանանի կողքին կանգնի:

Մամլոյ ասուլիսին ընթացքին շեշտուեցաւ նաեւ 1 յուլիսի հանդիպումին կարեւորութիւնը, որուն պիտի յաջորդեն նաեւ զօրակցական շարք մը նախաձեռնութիւններ:

Քաղուած «Ազդակ»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/06/2021, 08:41