Լիբանան Լիբանան 

Լիբանան. կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին աշխուժացման զուգահեռ բողոքի կը վերադառնան

Տարբեր շրջաններու մէջ ցուցարարներ կոչ ուղղեցին քաղաքացիներուն ուղղուելու փողոց եւ մասնակցելու բողոքի ցոյցերուն:

Հակառակ լաւատեսութիւն առթել փորձող լուրերուն եւ վերլուծութիւններուն, կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը կը մնայ փշոտ ու լարուած մթնոլորտի մէջ, որ միայն կարելի է յոռետեսութեամբ բնորոշել:

Ունկնդրէ լուրը

Այս առումով երէկ բացայայտուեցաւ, որ նախանցեալ երեկոյեան Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ Պայատայի իր բնակարանին մէջ ընդունած է խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի քաղաքական հարցերու օգնական Ալի Հասան Խալիլը, ինչպէս նաեւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի օգնական Հիւսէյն Խալիլն ու Հըզպալլայի յարաբերականի պատասխանատու Ուաֆիք Սաֆան:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան քաղաքական եւ կառավարական կազմութեան վերաբերող իրադարձութիւնները, որոնց լոյսին տակ յայտարարուեցաւ, որ կարելի եղած է այդ հոլովոյթի թնճուկներէն մէկը հանգուցալուծել, մթնոլորտը դրական է եւ հանդիպումը եղած է անկեղծ ու թափանցիկ:

Կը նախատեսուէր, որ շիի զոյգը ներկայացնող երկու Խալիլներուն առաքելութիւնը շարունակուի` մէկ կողմէ Պասիլի, իսկ միւս կողմէ նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ:

Անաղմուկ այս ճիգերուն զուգահեռ լիբանանցի քաղաքացիին օրը եղաւ աղմկոտ եւ հեղցուցիչ, յատկապէս երկրին բոլոր շրջաններուն մէջ պարզուած երթեւեկի խճողումին պատճառով:

Խճողումին հիմնական պատճառը երկրին մէջ վառելանիւթի տագնապի գոյութիւնն է, որուն պատճառով քաղաքացին ստիպուած է պենզինի կայարաններուն դիմաց ժամերով հերթի սպասել:

Միւս կողմէ, սակայն, Իրաքի պետութիւնը որոշեց Լիբանանին մէկ միլիոն թոն նաւթ տրամադրել` երկիրը մութի ենթակայ դարձնելու սպառնալիքը հեռացնելով Լիբանանէն:

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի լիբանանցի ժողովուրդին եւ խորհրդարանին անունով շնորհակալութիւն յայտնեց Իրաքի վարչապետ Մուսթաֆա Քազիմիին` Լիբանանի հանդէպ առնուած այս քայլը որակելով եղբայրական մօտեցում արտացոլացնող քայլ:

Իր կարգին, վարչապետի պաշտօնակատար Հասսան Տիապ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Քազիմիի հետ եւ շնորհակալութիւն յայտնեց անոր` Լիբանանի դիմագրաւած այս դժուար կացութեան ընթացքին անոր նեցուկ կանգնելու առիթով:

Երթեւեկի խճողումով աղմկալի այս առօրեան նոյն թափով շարունակուեցաւ գիշերը` վերածուելով բողոքի ցոյցերու երեկոյի, որուն ընթացքին լիբանանեան տարբեր շրջաններու մէջ ցուցարարները փակեցին ճամբաները` բողոքելով երկրին մէջ տիրող սղաճին եւ ապրուստի պայմաններուն դէմ: Լիբանանեան սեւ շուկային մէջ մէկ ամերիկեան տոլարին սակը երէկ երեկոյեան հասաւ 14.700 լ. ոսկիի:

Երեկոյեան ժամը 6:00-էն սկսեալ փակուեցան Պէյրութի Վերտան փողոցը, Թրիփոլիի Նուր հրապարակը, Պեքաայի Սաատնայէլ եւ Թաալպայա շրջանները տանող ճամբաները, Ալէյ-Պեքաա մայրուղին:

Տարբեր շրջաններու մէջ ցուցարարներ կոչ ուղղեցին քաղաքացիներուն ուղղուելու փողոց եւ մասնակցելու բողոքի ցոյցերուն:

Այս շարժումներէն ամէնէն ակներեւը տեղի ունեցաւ Ժալ էլ Տիպի մէջ:

Այս մթնոլորտին կողքին, Ֆրանսա յայտարարեց, որ 17 յունիսին պիտի հիւրընկալէ միջազգային առցանց խորհրդաժողով մը` օժանդակելու համար լիբանանեան բանակին:

Նշենք, որ «Քորոնա» ժահրի տարածումը զսպելու նպատակով դասաւորումներ որդեգրող կառավարական յանձնախումբը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ ջնջեց երեկոյեան ժամը 10:00-էն առաւօտեան ժամը 5:00 երկարող կրակմարի դրութիւնը:

Իսկ Պէյրութի բժիշկներու սենտիքան յայտարարեց, որ բժիշկները շաբաթական եռօրեայ դրութեամբ պիտի գործեն` երկուշաբթի, չորեքշաբթի եւ ուրբաթ օրերը, առաւօտեան ժամը 8:30-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 1:30, վառելանիւթի խնայողութիւն կատարելու նպատակով:

Քաղուած «Ազդակ»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/06/2021, 09:03