Ատրպէյճանի մօտ Իրանի դեսպան սէյիտ Ապպաս Մուսաւի, Ատրպէյճանի մօտ Իրանի դեսպան սէյիտ Ապպաս Մուսաւի,  

Բռնի կերպով սահմաններու փոփոխութիւնը պիտի խախտէ շրջանի կայունութիւնը. Թեհրան

Իրանի հոգեւոր առաջնորդի յայտարարութեան մէջ յստակօրէն նշուած է, որ Իրան դէմ է սահմաններու փոփոխութեան, այլ ոչ թէ այդ միջանցքի բացման

«Թուրան»․- Ատրպէյճանի մօտ Իրանի դեսպան սէյիտ Ապպաս Մուսաւի, անդրադառնալով յետ-պատերազմեան փուլին շրջանին մէջ ստեղծուած կացութեան՝ յստակացուց, որ Թեհրան դէմ է սահմաններու փոփոխութեան, այլ ոչ թէ հաղորդակցութեան ուղիներու բացման:

Պատասխանելով «Զանգեզուրի միջանցք»ին վերաբերեալ Թեհրանի մէջ հնչած քննադատութիւններուն մասին լրագրողի մը հարցումին` դեսպանը ըսաւ. «Իրանի մէջ կրնան տարբեր կարծիքներ ըլլալ: Իրանի հոգեւոր առաջնորդի յայտարարութեան մէջ յստակօրէն նշուած է, որ Իրան դէմ է սահմաններու փոփոխութեան, այլ ոչ թէ այդ միջանցքի բացման: Չեմ կարծեր, որ շրջանին մէջ ոեւէ մէկը կողմնակից է սահմաններու բռնի փոփոխութեան: Մենք կողմնակից ենք, որ որեւէ միջանցք գործէ, որեւէ ուղիով` առանց պետութիւններու սահմաններու փոփոխութեան: Նշեալ միջանցքին բացումը Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի գործն է: Բռնի կերպով, զինուորական ճամբով սահմաններու փոփոխութիւնը պիտի խախտէ շրջանի կայունութիւնը», ըսաւ դեսպանը:

Ան աւելցուց, որ երկաթուղային ուղիներու բացումը պիտի նպաստէ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ կապերու եւ համագործակցութեան վերականգնման, ինչպէս նաեւ օգուտներ պիտի բերէ ամբողջ շրջանին:

«Հարաւային Կովկասի երկիրները, ինչպէս նաեւ Ռուսիա, Թուրքիա եւ Իրան պէտք է ամէն ձեւով խթանեն երկաթուղիներու, ինքնաշարժներու եւ այլ հաղորդակցութիւններու բացումը», ըսաւ դիւանագէտը:

Քաղուած «Ասպարէզ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/06/2021, 09:54