Բռնարարքներու թիրախ` անմեղ մանուկներու միջազգային օր Բռնարարքներու թիրախ` անմեղ մանուկներու միջազգային օր  

Բռնարարքներու թիրախ` անմեղ մանուկներու միջազգային օր

Օրը կը նշուի՝ ի յիշատակ իսրայէլական օդանաւային ջոկատի Լիբանանի՝ Պէյրութի բնակելի տարածքներու վրայ յարձակման
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ

4 Յունիսը ՄԱԿ-ի կողմէ որդեգրուած է, որպէս բռնարարքներու թիրախ` անմեղ մանուկներու միջազգային օր

Օրը հաստատուած է 1982 թուականի օգոստոսի 19-ին ՄԱԿ-ի գլխաւոր Ժողովի 7-րդ արտակարգ նստաշրջանի ընթացքին մեկնելով Պաղեստինցի եւ Լիբանանցի անմեղ երախաներու ճակատագիրին նկատմամբ մտահոգութենէն։

Օրը արդարեւ կը նշուի՝ ի յիշատակ իսրայէլական օդանաւային ջոկատի Լիբանանի՝ Պէյրութի բնակելի տարածքներու վրայ յարձակման, որ տեղի ունեցաւ 1982 թուականի յունիսի 4-ին, որուն արդիւնքով զոհուեցան խաղաղ բնակիչներ, որոնց շարքին նաեւ բազմաթիւ երեխաներ։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/06/2021, 08:28