Freedom House Freedom House 

Freedom House-ը Հայաստանի քաղաքական ուժերուն կոչ ըրաւ՝ զերծ մնալու բռնութեան եւ ատելութեան խօսքերէ

«Բոլոր կուսակցութիւններուն կոչ կ՛ընենք՝ զերծ մնալու այդպիսի հռետորաբանութենէ եւ պահպանել ժողովրդավարական չափանիշները նախընտրական շրջանին ընթացքին», կ՛ըսուի յայտարարութեան մէջ:

Freedom House իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը մտահոգութիւն յայտնեց Հայաստանի մէջ նախընտրական շրջանին քաղաքական գործիչներու կողմէ ատելութեան եւ բռնութեան խօսքի կիրառման վերաբերեալ: Կազմակերպութիւնը այս մասին յայտարարութիւն մը տարածեց, անոր կցելով Հայաստանի մարդկային իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեանի յայտարարութիւնը, որուն մէջ վերջինս դատապարտած էր քաղաքական գործիչներու կողմէ բռնութեան եւ ատելութեան խօսքի կիրառումը եւ կոչ ըրած էր՝ զերծ մնալու նման հռետորաբանութիւններէ:

Ունկնդրէ լուրը

Freedom House-ի յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ այդպիսի արտայայտութիւններ կը նպաստեն հասարակութեան բեւեռացման եւ ատելութեան խօսքի տարածման, այն պայմաններուն մէջ, ուր երկիրը կը ջանայ վերականգնիլ Արցախի պատերազմէն ետք եւ կը պատրաստուի խորհրդարանական ընտրութիւններուն:

«Բոլոր կուսակցութիւններուն կոչ կ՛ընենք՝ զերծ մնալու այդպիսի հռետորաբանութենէ եւ պահպանել ժողովրդավարական չափանիշները նախընտրական շրջանին ընթացքին», կ՛ըսուի յայտարարութեան մէջ:

Քաղուած «Ասպարէզ»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/06/2021, 10:04