Ֆլորիտայի մէջ 12 յարկանի շէնք մը փուլ եկաւ Ֆլորիտայի մէջ 12 յարկանի շէնք մը փուլ եկաւ 

Ֆլորիտայի մէջ 12 յարկանի շէնք մը փուլ եկաւ

1980 թուականին կառուցուած շէնքին փլուզման պատճառով անյայտ կը մնայ ճակատագիրը նաեւ խումբ մը լատին ամերիկացի ներգաղթեալներու, որոնց շարքին` Փարակուէյի առաջին տիկնոջ հարազատներուն ճակատագիրը:

Միացեալ Նահանգներու Ֆլորիտա նահանգի Սերֆսայտ քաղաքին մէջ 12 յարկանի բնակելի շէնք մը փուլ եկած է, որուն պատճառով մահացած է առնուազն 1 մարդ, 99 անձերու ճակատագիրը կը մնայ անյայտ, իսկ 35 ուրիշներ դուրս բերուած են փլատակներուն տակէն: Այս մասին կը հաղորդէ «Պի.Պի.Սի»-ն:

Ունկնդրէ լուրը

«Մենք պատրաստ ենք վատ լուրերու` հաշուի առնելով աւերածութիւններուն ծաւալը», ըսած է Ֆլորիտայի նահանգապետ Ռոն Տեսանթիս եւ աւելցուցած, որ իր կարծիքով, Արտակարգ իրավիճակներու ծառայութեան արագ արձագանգը բազմաթիւ կեանքեր փրկած է:

Յայտնի չէ, թէ շէնքի փլուզման ժամանակ շէնքին մէջ քանի՛ մարդ եղած է, ինչպէս նաեւ, թէ փլուզման պատճառները ի՛նչ են:

1980 թուականին կառուցուած շէնքին փլուզման պատճառով անյայտ կը մնայ ճակատագիրը նաեւ խումբ մը լատին ամերիկացի ներգաղթեալներու, որոնց շարքին` Փարակուէյի առաջին տիկնոջ հարազատներուն ճակատագիրը:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն Ֆլորիտա նահանգին մէջ արտակարգ դրութիւն հաստատելու հրամանագիր ստորագրեց:

Քաղուած «Ազդակ»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/06/2021, 08:49