Ստորագրուեցաւ «Հայաստանի համար ՄԱԿի կայուն զարգացման գործընկերութեան 2021-2025 շրջանակ»ը  Ստորագրուեցաւ «Հայաստանի համար ՄԱԿի կայուն զարգացման գործընկերութեան 2021-2025 շրջանակ»ը  

Ստորագրուեցաւ «Հայաստանի համար ՄԱԿի կայուն զարգացման գործընկերութեան 2021-2025 շրջանակ»ը

Նշենք, որ գործընկերութեան շրջանակը ՄԱԿի ռազմավարական կարեւոր փաստաթուղթերէն է, որ կը սահմանէ Հայաստանի մէջ գործող ՄԱԿի բոլոր կառոյցներուն աշխատանքը յառաջիկայ հինգ տարիներուն ընթացքին։
Ունկնդրէ լուրը

Հայաստանի փոխվարչապետի պաշտօնակատար Մհեր Գրիգորեան եւ Հայաստանի մէջ ՄԱԿի մնայուն համակարգող Շոմպի Շարփ ստորագրեցին «Հայաստանի համար ՄԱԿի կայուն զարգացման գործընկերութեան 2021-2025 թուականներու շրջանակ» փաստաթուղթը:

Մհեր Գրիգորեան դիտել տուաւ, որ նշեալ փաստաթուղթին մէջ նշուած բոլոր ոլորտները եւ ուղղութիւնները Հայաստանի համար առանցքային դերակատարութիւն ունին: Փոխվարչապետի պաշտօնակատարը հաստատեց, որ այս փաստաթուղթին շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ առաւել եւս կենսագործել գործակցութիւնը:

Նշենք, որ գործընկերութեան շրջանակը ՄԱԿի ռազմավարական կարեւոր փաստաթուղթերէն է, որ կը սահմանէ Հայաստանի մէջ գործող ՄԱԿի բոլոր կառոյցներուն աշխատանքը յառաջիկայ հինգ տարիներուն ընթացքին։

Զարգացման ազգային առաջնահերթութիւններու հիման վրայ մշակուած համաձայնագիրը կ՛ամփոփէ ՄԱԿի` Հայաստանի մէջ գործող եւ ոչ-լիազօր 20 կառոյցներու հաւաքական առաջարկը՝ երկրին, որմով ՄԱԿը 230 միլիոն տոլարի ֆինանսական աջակցութիւն կը տրամադրէ` ի շահ հայ ժողովուրդին:

Շոմպի Շարփ դիտել տուաւ, որ գործընկերութեան շրջանակը նոր կարեւոր ուղենիշ է Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան միջեւ արդէն իսկ խոր համագործակցութեան ուղղութեամբ: «Մենք համոզուած ենք, որ մեր գործընկերներուն հետ միացեալ ջանքերով կարեւոր ներդրում կ՚ունենանք համավարակի եւ հակամարտութեան կրկնակի ճգնաժամի ժամանակահատուածին մէջ` օգնելով երկրին ընթանալու դէպի աւելի լուսաւոր, խաղաղ եւ բարեկեցիկ ապագայ: Այս համաձայնագիրը կը սահմանէ Հայաստանի մէջ ՄԱԿի բոլոր գործակալութիւններուն յաւակնոտ եւ հաւաքական տեսլականը, որուն նպատակն է բարելաւել մարդոց բարեկեցութիւնը եւ կարելիութիւնները, նպաստել տնտեսական «Կանաչ» բարեփոխումներուն, ամրապնդել արդիւնաւէտ կառավարման համակարգը եւ խթանել հաւասարութիւնը», ըսաւ Շոմպի Շարփ։

Քաղուած «Ասպարէզ» էն

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/06/2021, 08:13