Որոնել

Հրապարակուեցան ընտրութիւններուն արդիւնքները Հրապարակուեցան ընտրութիւններուն արդիւնքները 

Հրապարակուեցան ընտրութիւններուն արդիւնքները

Ազգային ժողովի արտահերթ ընտրութիւններուն արդիւնքներուն համաձայն, նոր խորհրդարանին մէջ պիտի ըլլան 3 քաղաքական ուժեր`
«Քաղաքացիական Պայմանագիրը» Ազգային Ժողովին Մէջ Պիտի Ունենայ 71 Աթոռ Իսկ «Հայաստան» Դաշինքը` 27, «Պատիւ Ունեմ»-ը Խորհրդարան Պիտի Անցնի Իրաւունքի Ուժով Եւ Ունենայ 7 Աթոռ

Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբը երէկ հրապարակած է բոլոր 2008 ընտրական տեղամասերուն մէջ ամփոփուած նախնական արդիւնքները, ըստ որոնց` յառաջատարը Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած Քաղաքացիական պայմանագիր կուսակցութիւնն է` քուէներու մօտ 53,92 առ հարիւրով:

Ազգային ժողովի արտահերթ ընտրութիւններուն արդիւնքներուն համաձայն, նոր խորհրդարանին մէջ պիտի ըլլան 3 քաղաքական ուժեր` Քաղաքացիական պայմանագիրը, «Հայաստան» դաշինքը եւ «Պատիւ ունեմ» դաշինքը: «Պատիւ ունեմ» դաշինքը չէ յաղթահարած անցողիկ շեմը, եւ խորհրդարան պիտի անցնի իրաւունքի ուժով:

Աթոռները պիտի բաժնուին հետեւեալ ձեւով`

Քաղաքացիական պայմանագիր -71 աթոռ,
«Հայաստան» դաշինք- 29 աթոռ,
«Պատիւ ունեմ» դաշինք- 7 աթոռ:

4 մեծագոյն ազգային փոքրամասնութիւններու 4 աթոռներէն 3-ը Քաղաքացիական պայմանագիրի բաժինէն է, 1-ը` «Հայաստան» դաշինքին: Այսպիսով` «Հայաստան» դաշինքի աթոռները կը դառնան 27:

Ատկէ բացի, «Հայաստան» դաշինքը կը ստանայ լրացուցիչ 2 աթոռ, որպէսզի խորհրդարանին մէջ ապահովէ սահմանադրութեան պահանջը. ընդդիմութեան կազմը խորհրդարանին մէջ պէտք է 1/3-էն պակաս չըլլայ:

Քաղուած «Ազդակ»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/06/2021, 08:56