Լաւրով եւ ՄԱԿ-ի յանձնակատարը Լաւրով եւ ՄԱԿ-ի յանձնակատարը 

Լաւրով ՄԱԿ-ի յանձնակատարին հետ քննարկած է տեղահանուածները Արցախ վերադարձնելու հարցը

«Քննարկուած են Ռուսիոյ, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներու 9 նոյեմբեր 2020-ի եռակողմ յայտարարութեան համապատասխան գաղթականներու եւ ժամանակաւորապէս տեղահանուած անձերու Լեռնային Ղարաբաղ եւ յարակից շրջաններ վերադարձի հարցը»,
Ունկնդրէ լուրը

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով ՄԱԿ-ի գաղթականներու հարցերով գլխաւոր յանձնակատար Ֆիլիփփօ Կրանտիի հետ այլ հարցերու կողքին քննարկած է նաեւ տեղահանուածներու Արցախ վերադարձի հարցը: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը:

«Քննարկուած են Ռուսիոյ, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներու 9 նոյեմբեր 2020-ի եռակողմ յայտարարութեան համապատասխան գաղթականներու եւ ժամանակաւորապէս տեղահանուած անձերու Լեռնային Ղարաբաղ եւ յարակից շրջաններ վերադարձի հարցը», նշուած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:

Լաւրով, ըստ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան, ՄԱԿ-ի պաշտօնատարին ուշադրութիւնը հրաւիրած է սուրիացի գաղթականներու` իրենց հայրենիք վերադարձի ուղղութեամբ միջազգային ջանքերը աշխուժացնելու անհրաժեշտութեան:

Քաղուած «Ազդակ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/06/2021, 09:46