Որոնել

ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ, Շուէտի արտաքին գործոց նախարար Անն Լինտէն ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ, Շուէտի արտաքին գործոց նախարար Անն Լինտէն 

ԵԱՀԿ-ի գործող Նախագահը Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանի կացութեան դիւանագիտական լուծումը կ՛ակնկալէ

Գործող նախագահը կ՛ողջունէ կացութիւնը խաղաղ ճամբով լուծելու պատրաստակամութիւնը եւ յոյս ունի, որ բանակցութիւնները պիտի շարունակուին, ու ըստ կարելւոյն շուտ կարելի ըլլայ հասնիլ դիւանագիտական լուծման:

ԵԱՀԿ-ը պատրաստ է աջակցելու Հայաստանին եւ Ազրպէյճանին` ստեղծելու վստահութեան մթնոլորտ, որպէսզի սահմանային կացութեան լարուածութիւնը մեղմանայ: «Արմէնփրես»-ին ԵԱՀԿ-ի մէջ Շուէտի նախագահութենէն յայտնած են, որ այս մասին նշած են ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ, Շուէտի արտաքին գործոց նախարար Անն Լինտէն` Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի իր պաշտօնակիցներուն հետ զրոյցներուն, որոնց ընթացքին ան կարեւոր նկատած է խնդիրի խաղաղ եւ դիւանագիտական լուծումը:

«Գործող նախագահը կ՛ողջունէ կացութիւնը խաղաղ ճամբով լուծելու պատրաստակամութիւնը եւ յոյս ունի, որ բանակցութիւնները պիտի շարունակուին, ու ըստ կարելւոյն շուտ կարելի ըլլայ հասնիլ դիւանագիտական լուծման: Ինչպէս նշած է ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահը կողմերուն հետ ունեցած իր զրոյցներուն մէջ` ԵԱՀԿ-ը պատրաստ է աջակցելու կողմերուն` վստահութիւն ստեղծելու հարցին մէջ` նպատակ ունենալով մեղմացնել լարուածութիւնը եւ ստեղծել մթնոլորտ, որուն մէջ կողմերը կրնան կառուցողական կերպով շարունակել իրենց բանակցութիւնները», յայտնած են «Արմէնփրես»-ին:

Քաղուած «Ազդակ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/06/2021, 09:08