Էջմիածնի Մայր Աթոռը Էջմիածնի Մայր Աթոռը 

Մայր Աթոռը կը դատապարտէ զոհուած զինուորականներու աճիւններուն հանդէպ անյարգալից վերաբերմունքը

Այսօրինակ երեւոյթները աւելի կը խորացնեն պատերազմի արհաւիրքը վերապրած մեր ժողովուրդին ցաւն ու տառապանքը եւ անվստահութիւն կը յարուցանեն պետական պատկան կառոյցների նկատմամբ, որոնք կոչուած են օր առաջ կարգաւորելու առկայ զգայուն խնդիրները

Դատապարտելի է զոհուած զինուորականներու աճիւններուն հանդէպ նման վերաբերմունքը։ Այս մասին ըսուած է Մայր Աթոռի տարածած հաղորդագրութեան մէջ։

«ՀՀ Առողջապահութեան նախարարութեան դատաբժշկական գիտագործնական կեդրոնի Կոտայքի մասնաճիւղի դիահերձարանի յատակին նետուած ՀՀ զինծառայողներու աճիւններուն մասին վկայող երէկ մամուլի մէջ հրապարակուած լուսանկարները եւ ապա տարածուած տեսանիւթը յառաջացուցած են հանրութեան, զոհուածներու եւ անյայտ կորածներու ընտանիքներու արդար վրդովմունքն ու տարակուսանքը։

Որեւէ պաշտօնական յայտարարութիւն եւ բերուած պատճառաբանութիւն չի կրնար արդարացնել նման անյարգալից վերաբերմունքը մեր ժողովուրդի հերոս զաւակներու մասունքներուն նկատմամբ։ Հայրենիքի պաշտպանութեան եւ մեր ժողովուրդի անվտանգ ու խաղաղ կեանքի համար նահատակուած քաջորդիներու աճիւնները, անկախ անոնց առնչութեամբ իրականացուող գործընթացներուն, պէտք է արժանանան պատշաճ ուշադրութեան։Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը խստագոյնս կը դատապարտէ կատարուածը։

Այսօրինակ երեւոյթները աւելի կը խորացնեն պատերազմի արհաւիրքը վերապրած մեր ժողովուրդին ցաւն ու տառապանքը եւ անվստահութիւն կը յարուցանեն պետական պատկան կառոյցների նկատմամբ, որոնք կոչուած են օր առաջ կարգաւորելու առկայ զգայուն խնդիրները»։

Քաղուած «Եռագոյն» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/06/2021, 08:08