Կեսարիոյ մէջ Սուրբ Թորոս հայկական եկեղեցին Կեսարիոյ մէջ Սուրբ Թորոս հայկական եկեղեցին 

Կեսարիոյ մէջ. Սուրբ Թորոս հայկական եկեղեցին գանձագողներու հերթական թիրախ

Եկեղեցւոյ ներսը երկու մեթրանոց փոս առաջանալու փաստի առթիւ Փայլան Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարար՝ Մեհմետ Նուրի Էրսոյին հասցէագրուած հարցադրում ուղարկած է խորհրդարան:
Ունկնդրէ լուրը

Թուրքիա գտնուող պատմական հայկական բնակավայրերը գանձ որոնող արկածախնդիրները վնասած են Կեսարիա գտնուող 18-րդ դարու Սուրբ Թորոս հայկական եկեղեցին:

 Այս  մասին արձագանգած է Թուրքիոյ  խորհրդարանի  հայ անդամ ՝ Կարօ Փայլան։

Եկեղեցւոյ ներսը երկու մեթրանոց փոս առաջանալու փաստի առթիւ Փայլան Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարար՝ Մեհմետ Նուրի Էրսոյին հասցէագրուած հարցադրում ուղարկած է  խորհրդարան:

Հարցադրման մէջ Փայլան նշած է, որ հին հայկական եկեղեցին, չնայած որ այդ տարածաշրջանի պատմական ու մշակութային կարեւոր կառոյցներէն է, տասնեակ տարիներու անուշադրութեան հետեւանքով մատնուած է բախտի քմահաճոյքին, իսկ այսօր դարձած է բարբարոսներու ու գանձ որոնողներու յարձակման թիրախ:

Այս բովանդակութեամբ Փայլան հարցուցած է նախարարին, թէ ինչո՞ւ եկեղեցին չ'առնուիր պաշտպանութեան ներքեւ, ինչո՞ւ զայն վնասող անձերուն դէմ հետաքննութիւն չի սկսիր: Պատգամաւորը նաեւ հետաքրքրուած է, թէ ինչո՞ւ կառավարութիւնը անձայն կը մնայ քրիստոնեաներուն պատկանող մշակութային ժառանգութեան դէմ արկածախնդիր գանձ որոնողներու գործողութիւններուն դէմ, ինչո՞ւ անոնք չեն պաշտպանուիր: Քրտամէտ կուսակցութիւնը ներկայացնող Փայլան հետաքրքրուած է նաեւ, թէ արդեօք նախարարութիւնը կը պատրաստուի վերանորոգել Կեսարիոյ Սուրբ Թորոս հայկական եկեղեցին:

Քաղուած «Արեւելք»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/06/2021, 08:34