Tech Week Artsakh 2021 Tech Week Artsakh 2021 

Արցախի մէջ պիտի իրականացուի ճարտարագիտական շաբաթ. Tech Week Artsakh 2021

Ճարտարագիտական շաբթուան ծիրէն ներս՝ իրար պիտի յաջորդեն շարք մը ծաւալուն ձեռնարկներ. մասնագիտական խորհրդաժողովներ

Յուլիս 3-5 Ստեփանակերտի մէջ պիտի իրականացուի Tech Week Artsakh 2021 կամ «Ճարտարագիտութիւններու շաբաթ Արցախի մէջ 2021» ձեռնարկներու շարքը, որ մէկ վայրի մէջ պիտի կեդրոնացնէ ճարտարագիտական ընկերութիւններու ջանքերը՝ համայնքային զարգացման խթանման ուղղութեամբ։ Tech Week Artsakh 2021-ը կը կազմակերպուի «ՃիՃի», «Ինսդիկէյթ Մոպայլ» եւ «Քրաուտֆանտինկ ֆորմուլա» ընկերութիւններուն կողմէ։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Առաջադէմ ճարտարագիտական ձեռնարկութիւններու միութենէն։

Ունկնդրէ լուրը

Ըստ կազմակերպիչներուն՝ որոշում կայացուած է այս ձեւաչափի առաջին ձեռնարկը իրականացնելու Ստեփանակերտի մէջ` համախմբելով ուժերը երկրի հզօրացման գաղափարին շուրջ, որ առաւելապէս կ՝արտայայտուի Հայաստանի համայնքներու ողջ ներուժի բացայայտման ու կիրառման ուղղուած քայլերուն մէջ։ Պաշտօնական բացումը տեղի պիտի ունենայ Յուլիս 3-ին։

Ճարտարագիտական շաբթուան ծիրէն ներս՝ իրար պիտի յաջորդեն շարք մը ծաւալուն ձեռնարկներ. մասնագիտական խորհրդաժողովներ, ggRace (հասոյթը պիտի ուղղուի բարի եւ շենցնող նախագիծի), «Արմաթ» ճարտարագիտական աշխատանոցի հիմնում, հաքաթոն (նպատակը Արցախի մէջ յստակ խնդիրներու լուծումն է), գաղափաներու մրցոյթ (յաղթողները պիտի ստանան դրամաշնորհներ), կրթական ծրագրեր։ Ձեռնարկին գլխաւոր նպատակներէն է համայնքային համաչափ շարունակական զարգացումը, Արցախի մէջ նոր խումբերու ստեղծումը եւ մեր հայրենակիցներու զինումը գիտելիքով, հմտութիւններով, ինչպէս նաեւ նոր հնարաւորութիւններու եւ կարողութիւններու բացայայտումը։

Քաղուած «Եռագոյն»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/06/2021, 09:11