«Քովիտ»ի պատուաստում «Քովիտ»ի պատուաստում 

«Քովիտ»ի դէմ 55 557 պատուաստում Հայաստանի մէջ

Կրնան պատուաստուիլ նաեւ օտարերկրեայ քաղաքացիները։

Պատուաստումային գործընթացը կը շարունակուի: ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան հաղորդմամբ՝ COVID-19-ի դէմ պատուաստումներու մեկնարկէն ի վեր 13 Յունիսի դրութեամբ՝ կատարուած է 55 557 պատուաստում։

Յիշեցում.
Պատուաստումները կ'իրականացուին առողջութեան առաջնային պահպանման կազմակերպութիւններուն մէջ շաբթուայ բոլոր օրերուն. շաբաթ եւ կիրակի սահմանուած են հերթապահութիւններ՝ ժամը 10։00-16։00-ը։

Նախապէս պէտք է զանգել նախընտրած բժշկական կեդրոն` անկախ կցագրումէն, եւ գրանցուիլ պատուաստման համար:
Կրնան պատուաստուիլ նաեւ օտարերկրեայ քաղաքացիները։

Պատուաստումներն անվճար են։

«ԱսթրաԶենեքա»-ով եւ «Քորոնաւաք»-ով պատուաստումները կրնան իրականացուիլ 18 եւ բարձր տարիքի անձանց համար, ըստ դիմելիութեան, կամաւորութեան սկզբունքով: Իսկ «Սփութնիք-Վի»-ով պատուաստումները նախատեսուած են 18 տարեկանէն բարձր քրոնիկ հիւանդներու, 18-54 տարեկան բուժաշխատողներու, ընկերային խնամքի կեդրոններու բնակիչներու եւ աշխատակիցներու համար:

Քաղուած «Արեւելք»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/06/2021, 10:29