Գարեգին Բ. Կաթողիկոս Գարեգին Բ. Կաթողիկոս  

Գարեգին Բ. Կաթողիկոս Արցախի մէջ. «Հայ զինուորն է այսօր միակ երաշխաւորը հայրենի պետականութեան»

Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի ներկայութեամբ՝ Պատարագ Ստեփանակերտի մէջ

Շաբաթ, 5 յունիսին Արցախ կատարած իր այցելութեան ընթացքին Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը յայտարարած է, որ մեր կեանքին մէջ առկայ խնդիրներն ու մարտահրաւէրները իրենց լուծումները պիտի ստանան, երբ անխտիր բոլորս հետեւութիւններ կատարենք ողբերգական այս կացութեան պատճառներուն վերաբերեալ:

Ամենայն հայոց կաթողիկոսը Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի եւ հոգեւորականներու պատուիրակութեան հետ այցելած է պաշտպանութեան բանակի զօրամասերէն մէկը:

«Հայոց բանակը եւ հայ զինուորն են այսօր միակ երաշխաւորը հայրենի պետականութեան, մեր ժողովուրդի ազատ ու անկախ կեանքին, ձեր ընտանիքներուն եւ սիրելիերուն անվտանգութեան ու երջանկութեան, ամէն ազգայինի յարատեւութեան», ընդգծած է վեհափառ հայրապետը:

Գարեգին Բ. կաթողիկոսը հանդիպում ունեցած է Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանին հետ: Անոնք քննարկած են առկայ մարտահրաւէրներն ու անոնց յաղթահարման կարելիութիւնները:

Քաղուած «Ազդակ» էն

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/06/2021, 08:23