Հայաստան - Ազրպէյճան սահման Հայաստան - Ազրպէյճան սահման 

Ատրպէյճանցի զինուորներ Գեղարքունիքի մարզին մէջ սպաննեցին հայ զինուոր մը

Այս մասին «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ գրած է Հայաստանի գլխաւոր դատախազի խորհրդական Գոռ Աբրահամեան, իսկ աւելի ուշ լուրին անդրադարձաւ Հայաստանի Քննչական կոմիտէն։

25 Մայիս 2021ին, կէսօրէն ետք ժամը 2։20ի շուրջ (Երեւանի ժամանակացոյցով), Ատրպէյճանի զինուած ուժերու խումբ մը զինուորներ, իրենց հրամանատարներուն կազմակերպութեամբ՝ ապօրինի կերպով հատեցին Հայաստանի Գեղարքունիքի մարզի Վարդենիս համայնքի վարչական տարածքին մէջ գտնուող Վերին Շորժա բնակավայրի սահմանային հատուածի Հայաստանի պետական սահմանը եւ, ունենալով Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը խախտելու դիտաւորութիւն՝ բռնութեան կոչեր ուղղեցին նշեալ շրջանին մէջ պահպանութիւն իրականացնող Հայաստանի զինուած ուժերուն նկատմամբ՝ պահանջելով դիմադրութիւն ցոյց չտալ ու ազատել տարածքը:

Այդ դէպքին լոյսին տակ յառաջացած վիճաբանութեան ընթացքին, անոնք դիտմամբ կրակոցներ արձակեցին Հայաստանի զինուած ուժերուն ուղղութեամբ, որուն պատճառով N զօրամասի պայմանագրային զինուոր, կրտսեր քսանապետ, 1989ի ծնունդ Գ. Խուրշուդեան վիրաւորուեցաւ որովայնէն: Ան տեղափոխուեցաւ Գեղարքունիքի կայազօրային հիւանդանոցը, ուր ան մահահացաւ:

Այս մասին «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ գրած է Հայաստանի գլխաւոր դատախազի խորհրդական Գոռ Աբրահամեան, իսկ աւելի ուշ լուրին անդրադարձաւ Հայաստանի Քննչական կոմիտէն։

Ատրպէյճանի զինուորներուն կողմէ Հայաստանի պետական սահմանը ապօրինի կերպով հատելու եւ բռնութիւն գործադրելով Հայաստանի տարածքի մասը այլ պետութեան յանձնելու վերաբերեալ գործողութիւններ կատարելու, դիտմամբ Հայաստանի զինուոր սպաննելու դէպքին առթիւ Սեւանի կայազօրի զինուորական դատախազութեան մէջ կը կատարուի հետաքննութիւն։

Այս դէպքին անդրադարձաւ նաեւ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը՝ հաստատելով, որ Ատրպէյճան առնչութիւն չունի Վերին Շորժայի սահմանային հատուածին մէջ հայաստանցի զինուորին զոհուելուն հետ՝ նշելով, թէ հակառակորդին ուղղութեամբ կրակ չէ արձակուած։

Ըստ ատրպէյճանական կողմին` 25 Մայիսին հայկական կողմէ զինուորական անձնակազմով եօթը բեռնատարներ փորձած են մօտենալ սահմանային այդ հատուածին, ինչ որ կանխուած է Ատրպէյճանի ստորաբաժանումներուն կողմէ:

Քաղուած «Ասպարէզ» էն

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/05/2021, 08:23