Ասքալանը հարուածած են աւելի քան 20 հրթիռներով` պատճառելով զոհեր եւ վիրաւորներ: Ասքալանը հարուածած են աւելի քան 20 հրթիռներով` պատճառելով զոհեր եւ վիրաւորներ: 

130 հրթիռներ Թել Աւիւի դէմ. «Քասսամ»-ի ջոկատները մինչեւ օրս Թել Աւիւին, Ասքալանին եւ Աշտոտին հրթիռային մեծագոյն հարուածը հասցուցին

«Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ «Քասսամ»-ի ջոկատները Ասքալանը հարուածած են աւելի քան 20 հրթիռներով` պատճառելով զոհեր եւ վիրաւորներ:

Պաղեստինեան Համաս շարժումի զինեալ թեւը` «Քասսամ»-ի ջոկատները բռնագրաւեալ Ասքալան եւ Աշտոտ քաղաքներուն հասցուցին մինչեւ օրս հրթիռային մեծագոյն հարուածը, ինչ որ անդամալուծեց բնակեցման վայրերն ու զանոնք դատարկեց:

Ունկնդրէ լուրը

«Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ «Քասսամ»-ի ջոկատները Ասքալանը հարուածած են աւելի քան 20 հրթիռներով` պատճառելով զոհեր եւ վիրաւորներ:

«Քասսամ»-ի ջոկատներու բանբեր Ապու Ուպէյտա յայտնեց. «Եթէ թշնամին շարունակէ քաղաքային երկնաքերները հարուածել, ապա Թել Աւիւին Ասքալանի մէջ տեղի ունեցածէն աւելի մեծ հարուած կը սպասէ»: Ան տեսաուղերձի մը մէջ խոստացաւ գիշերուան ժամը 9:00-ին հարուածել Թել Աւիւը, եւ իրապէս ալ «Քասսամ»-ի ջոկատները 130 հրթիռներ արձակեցին Թել Աւիւի եւ անոր արուարձաններուն դէմ, ինչ որ Իսրայէլի մայրաքաղաքին մինչեւ օրս հասած մեծագոյն հարուածն էր:

Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ յայտնեցին, որ Հուլոն շրջանին մէջ երեք վիրաւորներ արձանագրուած են` նշելով. «Իսրայէլացի պաշտօնատարները անակնկալի մատնուած են Համասի ձեռնարկած մագլցումի եւ հրթիռակոծման տարողութենէն»:

Իսրայէլեան լրատուամիջոցները նշեցին, որ Թել Աւիւի շրջանին վրայ 10 վայրկեանի մէջ շուրջ 100 հրթիռներ արձակուած են:

Իսրայէլեան Լոտ քաղաքի քաղաքապետը յայտարարեց, որ քաղաքը ամբողջութեամբ հակակշիռէ դուրս եկած է, եւ փողոցներուն մէջ քաղաքացիական պատերազմ տեղի կ՛ունենայ արաբներուն եւ իսրայէլացիներուն միջեւ: Քաղաքապետը Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուէն պահանջեց բանակը մտցնել քաղաքը` հակակշիռը վերահաստատելու համար: Տեղեկութիւններ կան, որ քաղաքին արաբները իրենց տուներէն կը վտարեն իսրայէլացիները եւ կ՛այրեն անոնց ինքնաշարժները:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց. «Լարուածութեան մեղմացման եւ կացութեան հանդարտեցման համար կապի մէջ ենք պաղեստինցիներուն եւ իսրայէլացիներուն հետ:

ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու գերագոյն յանձնակատարի գրասենեակը անհանգստութիւն յայտնած է բռնագրաւեալ պաղեստինեան տարածքներուն մէջ բռնութեան մագլցումին առիթով եւ կոչ ուղղած դադրեցնելու բախումները:

«Մենք խորապէս անհանգստացած ենք վերջին օրերուն բռնութեան մագլցումին բռնագրաւեալ պաղեստինեան տարածքներուն, ներառեալ Արեւելեան Երուսաղէմի, եւ Իսրայէլի մէջ», ըսած է գրասենեակի պաշտօնական ներկայացուցիչ Ռուպըրթ Կոլվիլը: «Մենք կը դատապարտենք այդ բռնութիւնը եւ բռնութեան որեւէ դրդում, ինչպէս նաեւ ցեղային բաժանումը եւ սադրանքները»:

Միւս կողմէ, Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակի հրամանատարութիւնը յայտարարած է, որ կը  քննարկէ պաղեստինեան Համաս շարժումի  զինեալներուն դէմ ցամաքային գործողութիւն կատարելու կարելիութիւնը:

Քաղուած «Ազդակ»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/05/2021, 08:59