Արամ Ա կաթողիկոս Արամ Ա կաթողիկոս 

Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ կատարուեցաւ Հանրապետական Մաղթանք

Ս. պատարագի աւարտին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն` 1918 թուականին Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի, Ղարաքիլիսէի, ինչպէս նաեւ Հայաստանի ու Արցախի անկախութեան ու ազատութեան համար իրենց արիւնը թափած ու նահատակուած հերոսներու հոգիներուն համար:

Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ կիրակի, 30 մայիս 2021-ին, հանդիսապետութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին եւ ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանին, միաբան հայրերու ու հաւատացեալ ժողովուրդին, կատարուեցաւ Հանրապետական մաղթանք` Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան անկախութեան տօնին առիթով:

Ս. պատարագի ընթացքին, ձեռամբ վեհափառ հայրապետին կատարուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան դրօշի օրհնութիւն, որուն աւարտին վեհափառ հայրապետը իր աղօթքը բարձրացուց առ Աստուած, որ «ամուր ու անսասան պահէ մեր ազգին հանրապետութիւնը եւ շնորհք ու իմաստութիւն տայ բոլոր անոնց, որոնք իշխանութեան պատասխանատուութիւնը ունին, որպէսզի կարող ըլլան ուղիղ դատաստանով ու արդարութեամբ առաջնորդել մեր ժողովուրդը»: Վեհափառ հայրապետը նաեւ աղօթեց, որ Աստուած Իր Ս. Աջով օրհնէ ամբողջ հայ ժողովուրդը, մեր հայրենիքը եւ մեր Ս. եկեղեցին:

Ապա, պատարագիչ հայր սուրբը յաւուր պատշաճի քարոզեց: Խօսելէ ետք մեր Տիրոջ` Յիսուս Քրիստոսի երկրաւոր առաքելութեան մասին եւ յատկապէս ընդգծելով «Մարդու Որդին չեկաւ ուրիշներու կողմէ սպասաւորութիւն ընդունելու, այլ սպասաւորելու» Քրիստոսի խօսքը գործով ցոյց տալու ու կեանքով ապրելու հրամայական անհրաժեշտութիւնը, վեհափառ հայրապետին անուանակոչութեան տօնին առիթով ան լուսարձակի տակ առաւ Արամ Ա. կաթողիկոսի անցնող աւելի քան 25-ամեայ ծառայական առաքելութիւնը: Վեհափառ հայրապետին  26 տարիներու գահակալութիւնը պերճախօս վկայութիւն մըն է, որ ան մեր եկեղեցւոյ ու ազգի կեանքին փաստօրէն բոլոր բնագաւառներուն մէջ դարձաւ եւ իր ծառայութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը դարձուց տիրական ներկայութիւն: Ապա, պատարագիչ հայր սուրբը միաբանութեան անունով շնորհաւորեց վեհափառ հայրապետին անուանակոչութիւնը` նշելով, որ 53 տարիներ առաջ, Հայաստանի Հանրապետութեան յիսնամեակին, իր ձեռնադրութեան ժամանակ ստացած է «Արամ» անունը:

Նշենք, որ Ս. պատարագի աւարտին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն` 1918 թուականին Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի, Ղարաքիլիսէի, ինչպէս նաեւ Հայաստանի ու Արցախի անկախութեան ու ազատութեան համար իրենց արիւնը թափած ու նահատակուած մեր ժողովուրդի քաջամարտիկ ու հերոս զաւակներու հոգիներուն համար:

Քաղուած «Ազդակ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/05/2021, 09:43