ԵԱՀԿ գործող նախագահ ԵԱՀԿ գործող նախագահ  

Ֆրանսա եւ ԵԱՀԿը կոչ կ՛ընեն՝ անյապաղ ազատ արձակելու Հայ գերիները

ԵԱՀԿի Մինսքի խմբակի համանախագահները դարձեալ կոչ ուղղած էին՝ վերադարձնելու բոլոր պահուող անձերը, ձերբակալուած անձերը, ինչպէս նաեւ գործնականօրէն իրականացնելու աճիւններու փոխանակման հոլովոյթը:
Ունկնդրէ լուրը

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը շաբաթավերջին ընդգծեց Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ գերիները անյապաղ ազատ արձակելու անհրաժեշտութիւնը՝ նշելով. «Կոչ կ՛ուղղենք՝ անյապաղ ազատ արձակելու բոլոր հայ գերիները: 5 Մայիսին, Ատրպէյճանի մէջ պահուող երեք հայ գերիները ազատ արձակելը դրական քայլ մըն է»:

Նշենք, որ ԵԱՀԿի Մինսքի խմբակի համանախագահները դարձեալ կոչ ուղղած էին՝ վերադարձնելու բոլոր պահուող անձերը, ձերբակալուած անձերը, ինչպէս նաեւ գործնականօրէն իրականացնելու աճիւններու փոխանակման հոլովոյթը:

«Համանախագահները կ՛ողջունեն Ատրպէյճանի կողմէ ձերբակալուած հայազգի Ռոպերթ Վարդանեանի, Սամուէլ Շուխեանի եւ Սէյրան Թամրազեանի ազատ արձակումը եւ երկու կողմերուն կոչ կ՛ուղղեն՝ ամբողջութեամբ եւ գործնական կերպով աւարտելու բոլոր բանտարկեալներու, կալանաւորուածներու եւ աճիւններու փոխանակման հոլովոյթը եւ պահպանելու ձերբակալուած անձերու նկատմամբ մարդասիրական վերաբերմունք ապահովելու իրենց պարտաւորութիւնները», նշուած է յայտարարութեան մէջ:

Իր կարգին, ԵԱՀԿի գործոց նախագահ եւ Շուէտի արտաքին գործոց նախարար Անն Լինտէ գրած է հետեւեալը. «Կ՛ողջունեմ Ատրպէյճանի կողմէ ձերբակալուած հայ անձերու ազատ արձակումը: Կողմերուն կոչ կ՛ուղղենք՝ շտապ աւարտին հասցնելու պահուող անձերու եւ բոլոր աճիւններու փոխանակումը, ինչպէս կը պարտաւորեցնէ միջազգային մարդասիրական իրաւունքը»:

Քաղուած «Ասպարէզ»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/05/2021, 09:30