Սիւրիհիսար գիւղի 1500ամեայ հայկական եկեղեցին Սիւրիհիսար գիւղի 1500ամեայ հայկական եկեղեցին  

Սիւրիհիսար գիւղի 1500ամեայ հայկական եկեղեցին հարիւր հազարաւոր այցելուներ ունի

Վերջերս, թրքական մամուլին մէջ տեղեկութիւններ յայտնուած էին այն մասին, թէ Կարմիր եկեղեցին շարունակաբար կ՛ենթարկուի գանձագողերու գործած աւերումներուն:

5րդ կամ 6րդ դարերուն, Կապադովկիոյ մէջ (Գամիրք) Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի անունով կառուցուած հայկական Կարմիր եկեղեցին այցելողներու թիւը կը շարունակէ մեծ մնալ: Կապադովկիոյ գանձերէն մէկը հանդիսացող այս եկեղեցին կը գտնուի Աքսարայի նահանգի Կիւզելիւրթ գաւառի Սիւրիհիսար գիւղին մէջ, կը գրէ «Հաբերթիւրք» կայքը:

Ստ աղբիւրին՝ եկեղեցին Կարմիր կոչուած է այդ գոյնի քարերով կառուցուած ըլլալուն պատճառով: Համաշխարհային յուշարձաններու հիմնադրամին կողմէն 2008ին «անհետացման մեծագոյն վտանգին տակ գտնուող աշխարհի 100 պատմական յուշարձաններու ցանկ»ին վրայ ներառնուած այս հայկական եկեղեցին կը վերակառուցուի 2011էն ի վեր:

Աքսարայի նահանգապետ Համզա Այտողտու կը նշէ, թէ Սուրբ Գրիգորը Լուսաւորիչը հոն անցուցած է իր կեանքին վերջին տարիները, եւ եկեղեցին կը համարէ հնագոյն քրիստոնեայ տաճարներէն մէկը: Ըստ նահանգապետին՝ ամէն տարի եկեղեցին կ՛այցելեն առաւել քան 600,000 զբօսաշրջիկներ:

Յիշեցնենք, որ վերջերս, թրքական մամուլին մէջ տեղեկութիւններ յայտնուած էին այն մասին, թէ Կարմիր եկեղեցին շարունակաբար կ՛ենթարկուի գանձագողերու գործած աւերումներուն:

Քաղուած «Ասպարէզ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/05/2021, 07:38