Մեսրոպեանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ եւ Կալի Աքանճեան Մեսրոպեանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ եւ Կալի Աքանճեան 

Պէյրութի Մեսրոպեան վաժարանի նոր ձեռքբերումը. Պատուաւոր դիրք Թորոս Ռոսլին ակադեմիայի նկարչական մրցումին

Նոյն մրցումին, Մեսրոպեանի աշակերտներ Յակոբ Չարըքեան եւ Սէրլի Մուղալեան արժանացան գնահատանքի:
Ունկնդրէ լուրը

Մեսրոպեանի աշակերտուհի Կալի Աքանճեան տարիքային իր խումբին մէջ դասուեցաւ առաջինը՝ Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոնի «Թորոս Ռոսլին» ակադեմիայի կազմակերպած միջ-դպրոցական նկարչական մրցումին, որ տեղի ունեցաւ անցեալ ամսուն, Հայոց ցեղասպանութեան 106-րդ տարելիցին առիթով: Նոյն մրցումին, Մեսրոպեանի աշակերտներ Յակոբ Չարըքեան եւ Սէրլի Մուղալեան արժանացան գնահատանքի:

Մեսրոպեանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ ջերմօրէն գնահատեց մրցումին մասնակցած վարժարանի բոլոր աշակերտները եւ կարեւորեց նման միջոցառումներու մասնակցութեան կարեւորութիւնը՝ գեղագիտական կրթութեան համար:

Տեղեկատուական գրասենեակ

Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/05/2021, 09:00