ՀՀ Նախագահ Արմէն Սարգսեան ՀՀ Նախագահ Արմէն Սարգսեան 

ՀՀ Նախագահը նամակներ յղած է Սփիւռքի Հայկական կազմակերպութիւններու ղեկավարներուն

Նախագահը շնորհակալութիւն յայտնած է Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործին մէջ ներդրուած աւանդին համար

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան շնորհակալական նամակներ յղած է Սփիւռքի հայկական կազմակերպութիւններու ղեկավարներուն՝ ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական խորհուրդի նախագահ, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր-Խաչատուրեանին, Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեանին, Ամերիկայի հայկական համագումարի հոգաբարձուներու խորհուրդի համանախագահ Վան Գրիգորեանին եւ համագումարի գործադիր տնօրէն Պրայըն Արտունիին՝ երախտագիտութիւն յայտնելով Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործին մէջ ներդրած աւանդին համար: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ ՀՀ նախագահի գրասենեակէն։

ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական խորհուրդի նախագահ, ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր-Խաչատուրեանին ուղղուած նամակին մէջ նախագահ Սարգսեան մասնաւորապէս ընդգծած է, որ անոնց տարիներու ջանադիր գործունէութիւնը իր ծանրակշիռ նպաստը ունեցած է նաեւ 2019-ին ԱՄՆ Քոնկրեսի զոյգ պալատներուն կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ բանաձեւին ընդունման մէջ, որ կարեւոր հանգրուան էր Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման գործին մէջ. «Այն հետեւողական աշխատանքը, որ ՀՅԴ-ն կը կատարէ Սփիւռքի եւ յատկապէս ԱՄՆ-ի մէջ ազգապահպանութեան ու համազգային նպատակներու իրա­կա­նացման ուղղութեամբ, արժանի է մեծագոյն յարգանքի եւ գնահատականի: Վստահ եմ, որ այսուհետեւ եւս պիտի շարունակէք առաջնորդունլ համազգային շահով եւ արդարութիւնը վերջնական հանգրուանին հասցնելու դժուար առաքելութեան խորին գիտակցումով»:

Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեանին ուղղուած նամակին մէջ նախագահ Սարգսեան մասնաւորապէս բարձր գնահատած է միութեան հայրենանուէր եւ ազգանպաստ գործունէութիւնը. «Հաւատարիմ ՀԲԸՄ հիմնադիրներու աւանդին, որոնք Մեծ Եղեռնի առաջին իսկ օրերուն իրենց ողջ ուժն ու կարողութիւնը ուղղեցին կոտորածներէն ու հալածանքներէն փրկուածներու օգնութեան գործին, ՀԲԸՄ-ը մշտապես թիկունք կանգնած է համազգային նպատակներու իրականացման թէ՛ Հայաստանի ու Արցախի մէջ եւ թէ՛ ողջ աշխարհի, ներառեալ՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու: Դուք մշտապէս վառ կը պահէք հայապահպանութեան ու հայ ինքնութեան կրակը, որ կը վկայէ, որ ՀԲԸՄ-ը հաստատուն է իր նպատակներուն մէջ եւ հաւատարիմ է սկզբունքներուն»:

Ամերիկայի հայկական համագումարի հոգաբարձուներու խորհուրդի համանախագահ Վան Գրիգորեանին եւ համագումարի գործադիր տնօրէն Պրայըն Արտունիին ուղղուած նամակներուն մէջ նախագահ Սարգսեան մասնաւորապէս բարձր գնահատած է Ամերիկայի հայկական համագումարի՝ ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման ուղղուած աշխատանքը. «Մենք երախտապարտ ենք բոլոր անոնց, որոնք իրենց նուիրումով, ջանքերով նպաստած են արդարութեան վերականգնման: Ամերիկայի հայկական համագումարը հրաշալի աշխատանք կատարած է Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործին մէջ: Երբ մենք կը համախմբենք մեր ջանքերն ու մեր տեսլականը կը վերածենք իրական գործողութիւններու, արդիւնքը միշտ տեսանելի կ՝ըլլայ»:

Քաղուած «Եռագոյն» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/05/2021, 07:37