Պաղեստին, Իսրայէլ Պաղեստին, Իսրայէլ 

Իսրայէլեան ոստիկանութիւնը բիրտ ուժի կը դիմէ. հարիւրաւոր պաղեստինցիներ կը վիրաւորուին բռնագրաւեալ արեւելեան Երուսաղէմի մէջ

Իսրայէլեան ոստիկանութիւնը արցունքաբեր կազ օգտագործած է պաղեստինցիները ետ մղելու Աքսա մզկիթի տարածքէն, եւ կրակած է ձգախեժէ փամփուշտներով:

Բռնագրաւեալ Արեւելեան Երուսաղէմի մէջ հարիւրաւոր պաղեստինցիներ վնասուած են իսրայէլեան ոստիկանութեան հետ բախումներու պատճառով:

Բախումները սկսած են 10 մայիսի առաւօտեան: Իսրայէլեան ոստիկանութիւնը արցունքաբեր կազ օգտագործած է պաղեստինցիները  ետ մղելու Աքսա մզկիթի տարածքէն, եւ կրակած է ձգախեժէ փամփուշտներով:

Պաղեստինեան Կարմիր մահիկի կազմակերպութեան տուեալներով` ոստիկանութիւնը դաժանօրէն վարուած է հաւաքուած իսլամ հաւատացեալներուն նկատմամբ, որոնք Աքսա մզկիթին մէջ հաւաքուած էին ռամատանեան ընթացիկ աղօթքները կատարելու:

Երուսաղէմի Աքսա մզկիթի տնօրէն Օմար Քեսուանին աջակցութեան համար դիմած է իսլամական աշխարհին` յայտնելով. «Իսլամական աշխարհը կը յորդորենք օգնել Աքսա մզկիթին` հրեայ վերաբնակիչներու եւ իսրայէլացի ոստիկաններու կողմէ մզկիթին վրայ յարձակելէ ետք»:

Պաղեստինի կրօնի գործերու նախարարութեան աղբիւրը մամուլին հաղորդած է, որ Իսրայէլի ոստիկանութիւնը գրաւած է Աքսա մզկիթի բոլոր բանալիները:

Կազայի հատուածէն եօթը հրթիռներու արձակման պատճառով Երուսաղէմի եւ Պէյթ Շեմսի մէջ գործի դրուած է օդային տագնապի ազդանշանը:

Իսրայէլի բանակի լրատուական ծառայութենէն յայտնած են, որ հրթիռներէն մէկը որսացած է «Երկաթեայ գմբէթ» հակահրթիռային համակարգը:

Պաղեստինեան «Համաս» խմբաւորման զինուորական թեւի ներկայացուցիչ Ապու Օպայտա աւելի կանուխ յայտարարած էր, որ Իսրայէլը մինչեւ ժամը 18:00-ը ժամանակ ունի զօրքերը դուրս բերելու բռնագրաւեալ Արեւելեան Երուսաղէմի Աքսա մզկիթի եւ Շէյխ Ժարրահ թաղամասի  շրջաններէն:

Քաղուած «Ազդակ»էն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/05/2021, 14:29