հնդկաստան, Քովիտ 19 հնդկաստան, Քովիտ 19 

Հնդկաց երկրին մէջ վտանգաւոր սնկային նոր հիւանդութիւն կը տարածուի

Հնդկաստանի կառավարութիւնը «սեւ բորբոս» հիւանդութեան տարածումը համաճարակ յայտարարած էր:

Հնդկաստանի մէջ, «սեւ բորբոսով» հիւանդներու թիւի աճի հետեւանքով, արձանագրուած է մէկ այլ սնկային հիւանդութիւն`«սպիտակ բորբոս»: Այս մասին յայտարարած է The Times of India- ն:

Ունկնդրէ լուրը

Ինչպէս նշուած է հրատարակութեան մէջ, Փաթնայի բժշկական քոլեճի հիւանդանոցին մէջ յայտնաբերուած է հիւանդութեան չորս դէպք: Մասնագէտներու խօսքերով՝ «սպիտակ բորբոսը» շատ աւելի վտանգաւոր է, քան «սեւը»: Այն  սուր կերպով կ'ազդէ թոքերու եւ այլ օրկաններու՝ ստամոքսի, երիկամներու, ուղեղի ինչպէս նաեւ եղունգներու, մաշկի վրայ: Այն յատկապէս վտանգաւոր է շաքարախտով հիւանդներու կամ ճնշուած իմունային համակարգերով «Քորոնա» ժահրային վարակի դէմ բուժում անցնողներու համար: Ուշ յայտնաբերելու պարագային այս վարակը կրնայ յանգեցնել մահուան:

Աղբիւրը նաեւ յիշեցուցած է, որ «սեւ  բորբոսը» կ'ախտորոշուի հիմնական «Քորոնա» ժահրային վարակով տառապող այն հիւանդներու մօտ, որոնք հիւանդութեան շատ ծանր ընթացք ունին:

 Աւելի վաղ Հնդկաստանի կառավարութիւնը «սեւ բորբոս» հիւանդութեան տարածումը համաճարակ յայտարարած էր:

Քաղուած «Արեւելք»էն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/05/2021, 08:19