Տ. Տ. Գրիգոր Պետրոս Ի.Կաթողիկոս Պատրիարք Տ. Տ. Գրիգոր Պետրոս Ի.Կաթողիկոս Պատրիարք 

« Ես Քահանայ եմ՝Քրիստոսի եւ ժողովուրդին ծառայութեանը համար». Ղապրոյեան Հոգեւոր Տիրոջ յիշատակին։

Կ՚աղօթենք եւ Սուրբ Հոգիին մխիթարութեանը կը հայցենք ձեր բոլորին՝ինչպէս նաեւ Հոգեւոր Տիրոջ ընտանեկան հարազատներուն։

Ցաւով իմացայ մահը Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ. Տ. Գրիգոր Պետրոս Ի.Կաթողիկոս Պատրիարքի-Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց։

Հոգեւոր Տիրոջ հետ ունէի գործակցութիւն։ Եւ իմ յաճախակի այցելութիւններուն եւ հանդիպումներուն ՝ նաեւ ստեղծուեցաւ եւ զարգացաւ ծանօթութիւն։ Հոն ուր ճանչցայ Հոգեւոր Տէրը որպէս եկեղեցական առաջնորդ, հոգեւոր հայր եւ հայ մարդ։ Ունէր հետաքրքրութիւն՝եթէ մէկ կողմէ Լիբանանի եւ Լիբանանահայութեան՝բայց նոյնքան սփիւռքի տարածքին։ Եւ նկատի ունենալով իմ ծաւալած աշխատանքային եւ ճամբորդական բնագաւառները՝կը փափաքէր իմանալ հոգեւոր եւ ազգային իրավիճակներուն մասին տարբեր գաղութներու պարագային։ Ունէր համակ նուիրում հոգեւոր եւ Քրիստոնէական ու Աստուածաշնչական արժէքներու նկատմամբ։ Ան քանիցս ինծի յիշեցուցած է,« ես քահանայ եմ՝Քրիստոսի եւ ժողովուրդի ծառայութեանը համար»։

Եթէ տածեցի Հոգեւոր Տիրոջ նկատմամբ իմ յարգանքը եւ մեկնելով իր եկեղեցական դիրքէն եւ պատասխանատուութիւններէն։ Բայց նոյնքան տեսայ իր մէջ համեստ քահանայ-մարդը՝որուն սրտին ու հոգիին մէջ կար նուիրումը եւ ծառայութեան գիտակցութիւնը՝Քրիստոսի եւ ժողովուրդին եւ մեր հայկական իրականութիւններուն համար։ Եւ այս Հոգեւոր Տիրոջ եւ իր եկեղեցական կեանքի ու առաքելութեանը Արժէքն էր՝որուն համար ան նուիրեց իր կեանքը։ Եւ այսօր՝այս կեանքը մեզի կը ձգէ որպէս Աւանդ։

Կը ցաւիմ որ լիբանանէն դուրս եմ եւ անձնապէս չեմ կրնար ներկայ ըլլալ եւ իմ ցաւակցութիւններս փոխանցել ըստ պատշաճի։ Անձնապէս՝ինչպէս նաեւ Արաբական Ծոցի Աստուածաշունչի Ընկերութեան խնամակալ մարմնի եւ պաշտօնէութեան անունով՝խնդրեմ ընդունեցէք մեր ցաւակցութիւնները։ Կ՚աղօթենք  եւ Սուրբ Հոգիին մխիթարութեանը կը հայցենք ձեր բոլորին՝ինչպէս նաեւ Հոգեւոր Տիրոջ ընտանեկան հարազատներուն։

Յարգանք՝Հոգեւոր Տիրոջ ապրած նուիրական կեանքին ու առաքելութեանը։ Առաքելութիւն մը որ եղաւ ծառայութիւն՝Քրիստոսի եւ ժողովուրդին համար։

Ցաւակցօրէն՝

Դոկտ. Հրայր ճէպէճեան

Ընդհանուր Քարտուղար՝Արաբական Ծոցի Աստուածաշունչի Ընկերութեան   

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/05/2021, 09:19