ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութիւն ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութիւն 

Հայաստանի սահման թափանցած ատրպէյճանցիներու մեծ մասը ետ դարձած է. ՀՀ ՊՆ

Հայկական զինուած ուժերու ստորաբաժանումները լիարժէք կը վերահսկեն իրադրութիւնը` շարունակելով արգելափակուած պահել ատրպէյճանցի զինուորականներուն։

Ատրպէյճանի Զինուած ուժերու կողմէ հայ-ատրպէյճանական սահմանին իրականացուած սադրանքներէն ետք ստեղծուած իրադրութիւնը, 23 Մայիսի կէսօրուայ դրութեամբ, համեմատաբար կայուն է, միջադէպեր չեն արձանագրուած։ Այս մասին յայտնած են ՀՀ ՊՆ տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն։

22 Մայիսի երեկոյեան ատրպէյճանական Զինուած ուժերու Հայաստանի տարածք ներթափանցած անձնակազմի մէկ մասը վերադարձած է ելման դիրքեր: Մամուլին մէջ շրջանառուող պնդումը, թէ «Սիւնիքի մարզի Սեւ լիճի մօտ 1000-է աւելի ատրպէյճանցի զինուորական կայ» չի համապատասխաներ իրականութեան:

Հայկական զինուած ուժերու ստորաբաժանումները լիարժէք կը վերահսկեն իրադրութիւնը` շարունակելով արգելափակուած պահել ատրպէյճանցի զինուորականներուն։

Քաղուած «Արեւելք» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/05/2021, 10:45