Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքութիւն Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքութիւն 

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանը կը դատապարտէ հրեայ երիտասարդներու կողմէ հայ հոգեւորականին վրայ յարձակումը

Հայր Արբակը վիրաւորուեցաւ եւ անմիջապէս տեղափոխուեցաւ հիւանդանոց, ուր բժշկական անհրաժեշտ օգնութիւն ստանալէ ետք դուրս եկաւ:

Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքութեան հոգեւորականներէն մէկը հրեայ երիտասարդներու կողմէ յարձակման ենթարկուեցաւ:

Ունկնդրէ լուրը

Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանը դէպքին առիթով հրապարակեց  յայտարարութիւն մը՝ խստիւ դատապարտելով Սուրբ Յակոբեանց միաբանութեան անդամ Արբակ աբղ. Սարուխանեանի վրայ հրեայ երիտասարդներու յարձակումը,  որ գործադրուեցաւ Սուրբ Յարութեան տաճարի ճանապարհին վրայ:

Հայր Արբակը վիրաւորուեցաւ եւ անմիջապէս տեղափոխուեցաւ հիւանդանոց, ուր բժշկական անհրաժեշտ օգնութիւն ստանալէ ետք դուրս եկաւ:

«Պատրիարքութիւնը ոստիկանութեան ներկայացուց պաշտօնապէս բողոք, որմէ ետք յարձակուողներէն երեքը ձերբակալուեցան: Մեր պահանջն է, որ ոստիկանութիւնը արդար քննութիւն կատարէ եւ յանցագործները պատժուին օրէնքի համաձայն՝ ապագային նման դէպքերու կրկնութենէն խուսափելու համար», կը յայտնէ Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանի դիւանապետ Կորիւն վրդ. Պաղտասարեան:

Քաղուած «Ասպարէզ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/05/2021, 08:23