Եւրոխորհուրդը Եւրոխորհուրդը 

Եւրոխորհուրդէն պահանջ. արագօրէն ազատ արձակել հայ գերիներ

Թուրքիոյ կառավարութեան կոչ կ՛ուղղուի՝ պաշտպանելու Թուրքիա ապրող ազգային եւ կրօնական փոքրամասնութիւններու, ներառեալ՝ հայկական ծագում ունեցող քաղաքացիներու եւ քրիստոնեաներու իրաւունքները։

Մայիս 17-21-ը Եւրոպայի խորհրդարանէն ներս ընթացող լիագումար նիստի շրջածիրէն ներս, 20 Մայիսին, քննարկում եղած է Լեռնային Ղարաբաղի վերջին պատերազմի ռազմագերիներու թեմայով։ Ատրպէյճանի գործողութիւնները դատապարտող եւ հայ ռազմագերիները վերադարձնելու կոչով հանդէս եկած են Եւրոխորհրդարանի մէջ Իտալիոյ, Փորթուկալի, Ֆրանսայի, Բուլղարիայի, Լիթվայի եւ այլ երկիրներու պատգամաւորներ։

Ունկնդրէ լուրը

Մի քանի ժամ տեւած քննարկումներէն ետք Եւրոպական խորհրդարանը 607 կողմ ձայներով ընդունեց բանաձեւ մը, որ կը պահանջէ Ատրպէյճանէն՝ առանց որեւէ նախապայմանի ազատ արձակելու բոլոր հայ ռազմագերիները եւ գերի պահուող քաղաքացիները:

Բանաձեւը նաեւ կը դատապարտէ Ատրպէյճանի բռնարարքները, մշակութային կոթողներու քանդումները եւ սահմանաներու խախտումները։

Միւս կողմէ, 19 Մայիսին, Եւրոպական խորհրդարանը Թուրքիոյ վերաբերեալ իր զեկուցումին մէջ վերահաստատեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու իր կոչը, նոյն ժամանակ կոչ ընելով Անգարային, որ զերծ մնայ հակահայ քարոզչութենէ ու ատելութեան խօսքերէ եւ ամբողջութեամբ յարգելու հայկական մշակոյթը պաշտպանելու իր յանձնառութիւնները:

Զեկուցումին մէջ քանի մը անդրադարձ կը կատարուի նաեւ Արցախի տագնապին մէջ Թուրքիոյ բացասական դերին.

– Կը դատապարտուի այն փաստը, որ Թուրքիա զինուորական գործողութիւններուն վերջ դնելու եւ ԵԱՀԿի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան տակ խաղաղ բանակցութիւններու վերսկսելու կոչեր ընելու փոխարէն, որոշեց անվերապահօրէն աջակցիլ Ատրպէյճանի զինուորական գործողութիւններուն:

– Կը դատապարտուի Սուրիայէն եւ այլ վայրերէն օտար զինեալներ տեղափոխելը Արցախ:

– Թուրքիոյ կառավարութեան կոչ կ՛ուղղուի՝ պաշտպանելու Թուրքիա ապրող ազգային եւ կրօնական փոքրամասնութիւններու, ներառեալ՝ հայկական ծագում ունեցող քաղաքացիներու եւ քրիստոնեաներու իրաւունքները ու անյապաղ ընդունելու խտրականութիւնը արգիլող համապարփակ օրէնսդրութիւն:

– Եւրոպական Միութեան եւ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներուն կոչ կ՛ուղղուի՝ ուսումնասիրելու «Գորշ գայլեր» ծայրայեղական շարժումը՝ ահաբեկչական կազմակերպութիւններու Եւրոպական Միութեան ցանկին վռայ ներառելու կարելիութիւնը, նաեւ, ուշադրութեամբ հետեւելու անոնց գործունէութեան եւ հակազդելու անոնց հաւանական ազդեցութեան, որ սպառնալիք է յատկապէս հայկական, քրտական եւ յունական ծագում ունեցող քաղաքացիներուն եւ նշեալ կազմակերպութեան կողմէ այլախոհ նկատուող ոեւէ անձի համար:

Քաղուած «Արեւելք»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/05/2021, 08:23