Հ. Հ.  նախագահ Արմէն Սարգսեան Հ. Հ. նախագահ Արմէն Սարգսեան 

Հ. Հ. նախագահ Արմէն Սարգսեանի ցաւակցական գիրը` Գրիգոր Պետրոս Ի Կաթողիկոս Պատրիարքին մահուան ի լուր։

Նշանակալի են Կաթողիկոս Պատրիարքի անձնական ջանքերը` ուղղուած հայապահպանութեանը եւ հայրենիք-սփիւռք համակողմանի կապերի զարգացմանը

Վատիկան Նիուզ

«Կորուստը չափազանց մեծ է Հայաստանի ու աշխարհասփիւռ հայութեան համար, քանզի ի դէմս նրա հայ ժողովուրդը կորցրեց կաթողիկէ եկեղեցու հաւատարիմ սպասաւորի, ականաւոր ու հայրենանուէր ազգային գործիչի, որը մեծ նուիրումով, անսպառ եռանդով ու հաւատով էր ծառայում եկեղեցուն եւ ժողովուրդին»։ Այս խօսքերով որ հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Տիար Արմէն Սարգսեան կը սկսի իր յղած ցաւակացագիրը Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքի մահուան ի լուր։

«Նշանակալի են Կաթողիկոս Պատրիարքի անձնական ջանքերը` ուղղուած հայապահպանութեանը եւ հայրենիք-սփիւռք համակողմանի կապերի զարգացմանը։ Անգնահատելի է նաեւ նրա աւանդը միջեկեղեցական յարաբերութիւնների խորացման եւ ընդլայնման գործում» կը նշէ վսեմաշուք նախագահը որ ապա «Անդառնալի այս կորուստի կապակցութեամբ» կը յայտնէ «խորին ցաւակցութիւն` հանգուցեալի հարազատներուն, մերձաւորներուն, հոգեւոր դասի ներկայացուցիչներուն, ազգային ու եկեղեցական գործիչներուն։

«Ամենապատիւ եւ գերերջանիկ ՏՏ Գրիգոր Պետրոս Ի Ղապրոյանի բարի անունը ու լուսաւոր յիշատակը միշտ վառ կը մնայ մեր սրտերուն մէջ» կ՛եզրափակէ Նախագահ Սարգսեան։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/05/2021, 07:42