Համաս Համաս 

Պլինքըն Իսրայէլն ու Պաղեստինցիները կը յորդորէ պաշտպանելու քաղաքայինները

Պաղեստինեան դիմադրութիւնը նաեւ Կազայէն հրթիռակոծեց Պիր Սապահը եւ բնակեցման վայրերը, ինչպէս նաեւ հրթիռներ արձակեց իսրայէլեան յածանաւերու ուղղութեամբ:

Իսրայէլեան ուժերուն կողմէ ահաբեկման փորձով մը Կազայի մէջ քաղաքային ինքնաշարժ մը երեք հրթիռներով հարուածելէ ետք, «Քասսամ»-ի փաղանգները հրասանդի ռումբերով հարուածեցին «Մարս» զինուորական դիրքն ու «Իերզ» քիպուցը:

Ունկնդրէ լուրը

Պաղեստինեան դիմադրութիւնը նաեւ Կազայէն հրթիռակոծեց Պիր Սապահը եւ բնակեցման վայրերը, ինչպէս նաեւ հրթիռներ արձակեց իսրայէլեան յածանաւերու ուղղութեամբ:

Քուտսի ջոկատները բազմաթիւ հրթիռներով հարուածեցին Թել Աւիւի հիւսիսը գտնուող Հերթիլիան: Ջոկատները նաեւ հրթիռակոծեցին հաղորդակցութիւններու լրտեսման «Օրիմ» եւ «Նեթիւոթ» ռազմակայանները, ինչպէս նաեւ Աշտոտն ու Ասքելոնը, Քիրիաթ Մալախի բնակեցման վայրը, իսկ «Եաֆթահ» զինուորական դիրքը ռմբակոծեցին մեծ տրամագիծով հրասանդի ռումբերով:

Իսրայէլ իր կարգին շարունակեց ռմբակոծել Կազայի տարբեր շրջանները: Իսրայէլեան օդուժը հարուածեց Ժապալիայի արեւելքը, Ռաֆաթի արեւելքը գտնուող Զլաթայի շրջանը, ինչ որ պատճառ դարձաւ բնակարաններու եւ արտերու մէջ հրդեհներու յառաջացման:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն կոչ ուղղեց «Համասին եւ Կազայի մէջ մնացեալ խմբաւորումներուն դադրեցնելու հրթիռային յարձակումները»: Ան տագնապին առնչակից բոլոր կողմերը յորդորեց քաղաքայինները պաշտպանելու` աւելցնելով, որ Միացեալ Նահանգներ «աշխուժ կերպով աշխատանք կը տանին բռնութիւններուն վերջ տալու»:

«Իսրայէլի վրայ յաւելեալ բեռ կայ ամէն ջանք թափելու քաղաքային զոհերու արձանագրումէն խուսափելու», նշեց Պլինքըն` աւելցնելով, որ ինք Իսրայէլէն յաւելեալ մանրամասնութիւններ պահանջած է Կազայի մէջ արաբական եւ միջազգային լրատուամիջոցներու գրասենեակներ պարունակող «Ժալա» երկնաքերին վրայ անոր յարձակումին վերաբերեալ:

Քաղուած «Ազդակ»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/05/2021, 10:08