Արցախ Արցախ 

Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպանը կ՛ահազգանէ Ատրպէյճանի կողմէ Հայկական գերեզմաններու ոչնչացումը

հայկական գերեզմաններու ոչնչացումը անգամ մը եւս ցոյց կու տայ հայ ժողովուրդին, անոր ստեղծած արժէքներուն եւ յիշողութեան նկատմամբ Ատրպէյճանի ղեկավարութեան եւ հասարակութեան համատարած ատելութիւնը եւ անարգանքը:

Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան ահազանգեց, որ Ատրպէյճան կը շարունակէ վանտալիզմի իր քաղաքականութիւնը` բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ ոչնչացնելով հայկական գերեզմանները եւ գերեզմանաքարերը, զանոնք օգտագործելով՝ իբրեւ շինանիւթ ճամբաներու կառուցման:

Ունկնդրէ լուրը

Ըստ անոր` հայկական գերեզմաններու ոչնչացումը անգամ մը եւս ցոյց կու տայ հայ ժողովուրդին, անոր ստեղծած արժէքներուն եւ յիշողութեան նկատմամբ Ատրպէյճանի ղեկավարութեան եւ հասարակութեան համատարած ատելութիւնը եւ անարգանքը:

«Նրանց այս գործելաոճը մեզ համար նորութիւն չէ, մենք բազմիցս ականատես ենք եղել Ադրբեջանի վայրագութիւններին` ուղղուած Արցախի տարածքում հայ ժողովրդի կեանքի, սեփականութեան, պատմական արժէքների եւ յիշողութեան դէմ: Ադրբեջանի յանցագործ վարքագծի նպատակը յստակ է՝ ոչնչացնել բռնագրաւուած տարածքներում հայութեան բազմադարեայ գոյութեան մասին վկայող ցանկացած հետք ու ապացոյց», «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ գրած է Ստեփանեան:

Ընդգծելով, որ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի սկզբունքներով կը ճշդուի, որ հակամարտող կողմերը պէտք է յարգանք ցուցաբերեն իրենց վերահսկողութեան տակ յայտնուած գերեզմաններուն նկատմամբ՝ պէտք է տարբերակիչ նշաններով առանձնացնեն գերեզմանավայրերը եւ ապահովեն անոնց պահպանումը` Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպանը դիտել տուաւ, որ հայկական գերեզմանները պղծելով եւ ոչնչացնելով Ատրպէյճան կոպտօրէն կը խախտէ ոչ միայն մարդկային իրաւունքու եզրերը, այլ նաեւ անձի արժանապատուութեան, անձնական եւ ընտանեկան կեանքը յարգելու իրաւունքը:

«Ադրբեջանի կողմից իրականացուած եւ իրականացուող յանցագործութիւնները չպէտք է անպատիժ մնան եւ միջազգային հանրութիւնը պէտք է յստակ գիտակցի սա», կ՛եզրափակէ Ստեփանեան:

Քաղուած «Ասպարէզ»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/05/2021, 08:12