Շուշիի Ղազանչեցոց եկեղեցին Շուշիի Ղազանչեցոց եկեղեցին 

Հայաստան կը դատապարտէ Ղազանչեցոց Եկեղեցւոյ նկատմամբ Ատրպէյճանի գործողութիւնները

Նախարարութիւնը նոյնքան մտահոգիչ կը նկատէ, որ Ատրպէյճան եկեղեցւոյ ճարտարապետական տեսքի փոփոխութեան աշխատանքներ կատարեց նախքան ԵՈՒՆԵՍՔՕի մասնագէտներու գնահատման առաքելութեան կողմէ աշխատանքներու սկսիլը:
Ունկնդրէ լուրը

«Արցախի դէմ սանձազերծած յարձակման ընթացքում Ադրբեջանի զինուած ուժերի կողմից գործած բազմաթիւ պատերազմական յանցագործութիւնների շարքում առանձնակի աչքի է ընկնում բարձր ճշգրտութեամբ զինատեսակներով մէկ օրում Շուշիի Սուրբ Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց Մայր տաճարի դիտաւորեալ կրկնակի հրթիռակոծումը, որին հրադադարի հաստատումից յետոյ յաջորդեցին նաեւ վանդալիզմի դէպքեր», կը նշուի յայտարարութեան մէջ:

Արտաքին գործոց նախարարութիւնը յատկանշական կը նկատէ այն, որ Ատրպէյճան Շուշիի Մայր տաճարին վերաբերող գործողութիւններ կը կատարէ առանց Հայ առաքելական եկեղեցւոյ հետ խորհրդակցելու, ինչ որ, ըստ Հայաստանի արտաքին գերատեսչութեան, ակնյայտօրէն կը խախտէ հայ հաւատացեալներուն կրօնի ազատութեան իրաւունքը:

Նախարարութիւնը նոյնքան մտահոգիչ կը նկատէ, որ Ատրպէյճան եկեղեցւոյ ճարտարապետական տեսքի փոփոխութեան աշխատանքներ կատարեց նախքան ԵՈՒՆԵՍՔՕի մասնագէտներու գնահատման առաքելութեան կողմէ աշխատանքներու սկսիլը:

«Ակնյայտ է, որ Ադրբեջանը դիտաւորեալ արգելափակում է ԵՈՒՆԵՍՔՕի փորձագէտների մուտքը դէպի վտանգուած հայկական մշակութային ժառանգութեան վայրեր` մի կողմից քօղարկելու իր կողմից իրականացուած պատերազմական յանցագործութիւնները, իսկ միւս կողմից` փոխելու յուշարձանի պատմաճարտարապետական ամբողջականութիւնը», կը նշէ նախարարութիւնը` ընդգծելով. «Այս իրավիճակում հայկական կողմի բոլոր այն մտահոգութիւնները, որ Ադրբեջանի այս գործողութիւնները վանդալիզմի դրսեւորում են եւ նպատակ ունեն հայկական ինքնութիւնից զրկել Շուշիի Մայր տաճարը, առաւել քան հիմնաւոր են»:

Նախարարութիւնը կը հաստատէ, որ Ս. Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց Մայր տաճարին, Արցախի` ատրպէյճանական բռնագրաւման տակ գտնուող տարածքներուն մէջ գտնուող բազմաթիւ հայկական պատմամշակութային յուշակոթողներու եւ պաշտամունքի վայրերու վերաբերող որեւէ գործողութիւն կարելի չէ իրականացնել առանց միջազգային, մանաւանդ` ԵՈՒՆԵՍՔՕի փորձագէտներուն կողմէ ներկայ վիճակի փաստագրման եւ վերականգնման աշխատանքներուն մէջ գործօն ներգրաւուածութեան:

«Շուշիի Մայր տաճարը Արցախում Հայ Առաքելական եկեղեցու կարեւոր կենտրոններից է եւ այն որպէս սրբատեղի պէտք է ծառայի հաւատացեալներին», կը շեշտուի յայտարարութեան մէջ։

Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին արձագանգեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան՝ յայտարարելով, որ «ատրպէյճանական տարածքներու ազատագրումէն ետք սկսած են վերականգնման եւ վերակառուցման աշխատանքները» այդ հատուածներուն մէջ:

Ըստ նախարարութեան՝ Շուշիի մէջ «իրականացուող լայնածաւալ շինարարական աշխատանքներու ծիրին մէջ կը վերականգնին մզկիթներ, պատմական յուշարձաններ, տաճարներ, տուն-թանգարաններ, ինչպէս նաեւ Ղազանչեցեց եկեղեցին»: Կը նշուի նաեւ, թէ «վերակառուցման աշխատանքները կը կատարուին ինքնին բնօրինակ ճարտարապետական ոճին համապատասխան` Շուշիի պատմական պատկերը վերականգնելու համար»:

Քաղուած «Ասպարէզ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/05/2021, 07:47