միջազգային կարմի խաչի պատուիրակութիւնը։ միջազգային կարմի խաչի պատուիրակութիւնը։ 

ՀՀ ՄԻՊ-ը Ֆրանքոֆոնիայի ԽՎ պատուիրակութեան ներկայացուցած է գերիներու վերադարձի հրատապութիւնը

Արման Թաթոյեան Ֆրանքոֆոնիայի խորհրդարանական վեհաժողովի պատուիրակութեան ուշադրութիւնը հրաւիրած է Ազրպէյճանի նախագահի հայատեաց ելոյթներուն վրայ եւ շեշտած, որ անոր ելոյթները աւելի կը բորբոքեն ազրպէյճանական հասարակութեան մէջ հայատեացութիւնը

ՀՀ Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեան Մայիս 10-ին ընդունած է Ֆրանքոֆոնիայի խորհրդարանական վեհաժողովի պատուիրակութիւնը՝ Ֆրանքոֆոնիայի Եւրոպայի տարածքաշրջանի առաքելութեան ղեկավար Ժան-Շառլ Լուբերդոյի գլխաւորութեամբ։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ ՄԻՊ Facebook-ի էջէն։

Ունկնդրէ լուրը

Արման Թաթոյեան ներկայացուցած է 2020 թուականի Նոյեմբեր-Դեկտեմբեր ամիսներուն Արցախի մէջ տեղի ունեցած պատերազմի ընթացքին ազրպէյճանական զինուած ուժերուն կողմէ իրականացուած պատերազմական յանցագործութիւնները: Պաշտպանը նշած է, որ միջազգային կազմակերպութիւններուն ուղարկուած են 297 տեսանիւթի եւ լուսանկարի վերլուծութիւն հայկական կողմի զինծառայողներու եւքաղաքացիական անձերու նկատմամբ ազրպէյճանական վայրագութիւններու, հայկական պատմամշակութային ու կրօնական ժառանգութեան ոչնչացման ու անարգանքի վերաբերեալ:

Ան մանրամասն անդրադարձած է Ազրպէյճանի մէջ պահուող հայ գերիներու վերադարձի հրատապութեան՝ նշելով, որ ազրպէյճանական իշխանութիւններուն պահուածքը կոպտօրէն կը խախտէ գերիներու իրաւունքներու պաշտպանութեան միջազգային պահանջները՝ գերիները ներկայացնելով «ահաբեկիչներ» կամ «դիվերսանտներ»:

Պաշտպանը նշած է, որ հայկական կողմի բոլոր զինծառայողները եւ քաղաքացիական անձերը ազրպէյճանական զինուած ուժերուն կողմէ գերեվարուած են ընթացիկ, շարունակուող զինուած հակամարտութեան պայմաններու մէջ, հետեւաբար՝ անոնք բոլորն ալ կարգավիճակով գերիներ են, պէտք է անյապաղ ազատ արձակուին եւ վերադարձուին հայրենիք՝ առանց որեւէ քաղաքական կամ այլ նախապայմանի:

Ազրպէյճանական իշխանութիւնները արհեստական կը ձգձգեն, կը քաղաքականացնեն գործընթացը՝ կոպտօրէն ոտնահարելով գերիներու եւ անոնց ընտանիքներու իրաւունքները, անոնց պատճառելով տառապանքներ եւ առաջացնելով լարուածութիւն հասարակութեան մէջ:

Պաշտպանը շեշտած է, որ ազրպէյճանական իշխանութեան բարձրագոյն մարմինները կը շարունակեն հայատեացութեան ու թշնամանքի քաղաքականութիւնը: Ատոր ապացոյցներէն է, օրինակ՝ Պաքուի մէջ 2020 թուականի Սեպտեմբեր-Նոյեմբեր ամիսներու պատերազմին վերաբերող այսպէս կոչուած «ցուցահանդէս-պուրակի» բացումը: Ան ուշադրութիւն հրաւիրած է այն հանգամանքին վրայ, որ այդ վայրին մէջ հայ զինուորներու նմանակները յատուկ ներկայացուած են նուաստացած վիճակով, իսկ պուրակը բաց է անգամ մանկահասակ երեխաներու համար:

Արման Թաթոյեան Ֆրանքոֆոնիայի խորհրդարանական վեհաժողովի պատուիրակութեան ուշադրութիւնը հրաւիրած է Ազրպէյճանի նախագահի հայատեաց ելոյթներուն վրայ եւ շեշտած, որ անոր ելոյթները աւելի կը բորբոքեն ազրպէյճանական հասարակութեան մէջ հայատեացութիւնը։ Անոնք կը վտանգեն տարածաշրջանին մէջ ժողովուրդներու միջեւ խաղաղութիւնը։

Կողմերը համաձայնած են համագործակցիլ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան ոլորտին մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/05/2021, 08:00