Միացեալ Նահանգներրը, Ֆրանսան եւ ՄԱԿը կոչ կ՛ուղղեն՝ վերադարձնելու Հայ գերիները Միացեալ Նահանգներրը, Ֆրանսան եւ ՄԱԿը կոչ կ՛ուղղեն՝ վերադարձնելու Հայ գերիները 

Միացեալ Նահանգներրը, Ֆրանսան եւ ՄԱԿը կոչ կ՛ուղղեն՝ վերադարձնելու Հայ գերիները։

Մենք մտահոգութեամբ կը հետեւինք հայ-ատրպէյճանական սահմանին վռայ տեղի ունեցող զարգացումներուն
Ունկնդրէ լուրը

Շուրջ 15 օրէ ի վեր Հայաստանի սահմանին վրայ լարուած վիճակին եւ հայ գերիներուն վերաբերեալ յայտարարութիւններ կատարեցին Միացեալ Նահանգները, Ֆրանսան եւ ՄԱԿը։

Միացեալ Նահանգները մտահոգութիւն յայտնեց Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ միջազգային սահմանի երկայնքով վերջին զարգացումներուն նկատամամբ, որոնց կարգին ատրպէյճանական զինուած ուժերուն կողմէ 6 հայ զինուորները գերի առնելը։ Այս մասին կը նշուի Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած յայտարարութեան մէջ:

«Մենք երկու կողմերուն ալ կոչ կ՛ուղղենք շտապ եւ խաղաղ կերպով լուծել այս միջադէպը: Մենք նաեւ կը շարունակենք կոչ ուղղել Ատրպէյճանին` անյապաղ ազատ արձակելու բոլոր ռազմագերիները եւ այլ ձերբակալուածները, եւ կը յիշեցնենք Ատրպէյճանին միջազգային մարդասիրական օրէնսդրութեամբ ստանձնած պարտաւորութիւններոն հիման վրայ մարդասիրական վերաբերում ցուցաբերելու բոլոր ձերբակալուածներուն նկատմամբ։ Միացեալ Նահանգները սադրիչ եւ աւելորդ կը նկատէ որեւէ տեղաշարժ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանի ոչ գծանշուած տարածքներուն մէջ: Մենք կը մերժենք ուժի օգտագործումը` սահմանը սահմանազատելու համար եւ կոչ կ՛ուղղենք երկու կողմերուն՝ վերադառնալու իրենց նախկին դիրքերը եւ դադրեցնելու չսահմանագծուած սահմանի ռազմական ամրացումը եւ ականներու տեղադրումը: Մասնաւորապէս, մենք կոչ կ՛ուղղենք Ատրպէյճանին՝ իր ուժերը տեղափոխելու 11 Մայիսի ելման դիրքերը: Մենք նաեւ կոչ կ՛ուղղենք Հայաստանին՝ իր ուժերը տեղափոխելու 11 Մայիսի իրենց դիրքերը, եւ կ՛ողջունենք այդ նպատակին վերաբերող յայտարարութիւնները: Այս գործողութիւնները կը թօթափեն լարուածութիւնը եւ դաշտ կը ստեղծեն խաղաղ բանակցային գործընթացին` սահմանը շտապ սահմանազատելու համար: Միացեալ Նահանգները պատրաստ է աջակցելու այդ ջանքերուն: Միացեալ Նահանգները կոչ կ՛ուղղէ կողմերուն՝ կարելի եղածին չափ շուտ վերադառնալու առարկայական բանակցութիւններու` ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահներուն հովանիին տակ` Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան երկարաժամկէտ քաղաքական կարգաւորման հասնելու համար», կը նշուի յայտարարութեան մէջ:

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը եւս յայտարարութեամբ մը նշեց, որ Ֆրանսա իր խոր մտահոգութիւնը կը յայտնէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանին միջադէպերու աճին գծով, որոնցմէ ամէնէն թարմը 26 Մայիսի լոյս 27ի գիշերը ատրպէյճանական ուժերուն կողմէ 6 հայ զինուորներու գերի տանիլը:

«Ֆրանսա կողմերուն կոչ կ՛ուղղէ՝ առաւելագոյն զսպուածութիւն ցուցաբերելու եւ զերծ մնալու որեւէ սադրանքէ: Երկու երկիրներուն միջեւ սահմանի սահմանազատումը եւ սահմանագծումը պէտք է իրականացուին՝ իբրեւ կողմերուն միջեւ բանակցութիւններու մէկ մաս, առանց որեւէ հետագայ գործողութեան», կը նշուի յայտարարութեան մէջ:

ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնական ներկայացուցիչ Սթեֆան Տիւժարիք իր կարգին անդրադարձաւ հայ-ատրպէյճանական սահմանային լարուածութեան: «Մենք մտահոգութեամբ կը հետեւինք հայ-ատրպէյճանական սահմանին վռայ տեղի ունեցող զարգացումներուն: Բոլոր ներգրաւուած մասնակցողներուն կոչ կ՛ուղղենք՝ զսպուածութիւն դրսեւորելու, խուսափելու համար որեւէ գործողութենէ, որ կրնայ սրել հետագայ լարուածութիւնը», ըսաւ Տիւժարիք` աւելցնելով. «Հասկանում ենք, որ բանակցութիւնները ընթացքի մէջ են: Բոլոր չլուծուած երկկողմանի տարակարծութիւնները պէտք է լուծուին խաղաղ եղանակով` երկխօսութեան եւ դիւանագիտական միջոցներով»:

Քաղուած «Ասպարէզ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/05/2021, 07:30