Իսրայէլ-Պաղեստինեան  պատերազմ Իսրայէլ-Պաղեստինեան պատերազմ 

ՄԱԿը Իսրայէլ-Պաղեստինեան նոր պատերազմի մը առաջքը առնելու կոչ կ՛ընէ

ՄԱԿը անմիջական զինադադար հաստատելու կոչ ըրաւ կողմերուն՝ ազդարարելով, որ այլապէս շրջանը կրնայ դիմագրաւել Իսրայէլ-պաղեստինեան լայնատարած նոր պատերազմ մը։
Ունկնդրէ լուրը

ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ, «Պի․Պի․Սի․»․- Իսրայէլի բանակին եւ գլխաւորաբար պաղեստինեան «Համաս» կազմակերպութեան զինեալներուն միջեւ ռմբակոծումները Չորեքշաբթի օր շարունակուեցան, երկուստեք զոհեր, վիրաւորներ եւ նիւթական վնասներ խլելով։ Ցարդ սպաննուած են առնուազն 53 պաղեստինցիներ, ներառեալ 14 մանուկներ, ինչպէս նաեւ 6 իսրայէլացիներ։

ՄԱԿը անմիջական զինադադար հաստատելու կոչ ըրաւ կողմերուն՝ ազդարարելով, որ այլապէս շրջանը կրնայ դիմագրաւել Իսրայէլ-պաղեստինեան լայնատարած նոր պատերազմ մը։

ՄԱԿի մարդկային իրաւունքներու գերագոյն յանձնակատարի գրասենեակը ցաւ յայտնեց բռնագրաւեալ պաղեստինեան տարածքներուն մէջ բռնութեան մագլցումին առիթով եւ կոչ ուղղեց դադրեցնելու բախումները: «Կը դատապարտենք այդ բռնութիւնը եւ բռնութեան որեւէ դրդում, ինչպէս նաեւ ցեղային բաժանումը եւ սադրանքները», ըսաւ գրասենեակին պաշտօնական ներկայացուցիչը՝ Ռապըրթ Կոլվիլ:

Իսկ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը կատարեց հետեւեալ յայտարարութիւնը. «Լարուածութեան մեղմացման եւ կացութեան հանդարտեցման համար կապի մէջ ենք պաղեստինցիներուն եւ իսրայէլացիներուն հետ: Միջնորդական ջանքերու դիմած են նաեւ արաբական կարգ մը երկիրներ։ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն Յորդանանի արտաքին գործոց նախարար Այման Հուսէյն Ապտալլա Սաֆատիի հետ հանդիպումին ընթացքին հաստատեց, որ Ուաշինկթըն կ՛աջակցի «երկու պետութիւններու ստեղծման ճամբով տագնապին լուծման»»:

Նշենք, որ «Համաս»ի զինեալ թեւը «Քասսամի ջոկատներ»ը ցարդ մօտաւորապէս 1000 հրթիռներ արձակած են իսրայէլեան թիրախներու, սակայն անոնցմէ շատ աւելին ինկած է Կազայի վրայ, քանդելով նաեւ 13 յարկանի շէնք մը։

Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ կը գրեն, որ իսրայէլացի պաշտօնատարները անակնկալի մատնուած են «Համաս»ի հրթիռակոծման տարողութենէն: Օրինակի համար, Թել Աւիւի վրայ 10 վայրկեանուան մէջ շուրջ 100 հրթիռներ արձակուած են:

Իսրայէլեան Լոտ քաղաքի քաղաքապետը յայտարարեց, որ քաղաքը ամբողջութեամբ հակակշիռէ դուրս եկած է, եւ փողոցներուն մէջ քաղաքացիական պատերազմ տեղի կ՛ունենայ արաբներուն եւ իսրայէլացիներուն միջեւ:

Միւս կողմէ, Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակի հրամանատարութիւնը յայտարարեց, որ կը  քննարկէ ցամաքային գործողութիւն կատարելու կարելիութիւնը:

Քաղուած «Ասպարէզ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/05/2021, 08:15