Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներուն նուիրուած յուշակոթողի բացում Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներուն նուիրուած յուշակոթողի բացում 

Լիբանանեան Զահլէ քաղաքին մէջ բացումը կատարուած է Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներուն նուիրուած յուշակոթողին

Հայ ըլլալը նոյնքան քաջութիւն կը պահանջէ այսօր, ինչպէս հալածանքի եւ Եղեռնի ժամանակներուն: Այսօր ալ, հայու մեր կեանքը պէտք է մեծ ճիգով կառուցենք:

Պէյրութի «Ազդակ»էն կը կարդանք, թէ  Զահլէի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ շրջափակին   մէջ շաբաթ  օր  տեղի ունեցած է Ապրիլեան սրբադասուած նահատակաց կոթողի բացման հանդիսութիւն։ Հանդիսաւոր միջոցառման ներկայ եղած են ՝  Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեան, Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Այնճարի քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեան, Զահլէի յոյն կաթողիկէ եկեղեցւոյ առաջնորդ Իսամ Եուհաննա Տարուիշ, Զահլէի մարոնի համայնքի առաջնորդ Ժոզէֆ Մուաուատի, Զահլէի յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ առաջնորդ Անթոնիոս Ալ Սուրիի ներկայացուցիչ հայր Երեմիա Ազզամ, պատկան մարմիններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ։ Նշենք, որ հանդիսութեան ընթացքին խօսքերով հանդէս եղած են Զահլէի հայկական համայնքի ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ այս առթիւ Զահլէ ժամանած պատասխանատու անձնաւորութիւններ։

 Միջոցառման ընթացքին խօսք առած է նաեւ Լիբանանի թեմի առաջնորդ Տ. Շահէ արք. Փանոսեան, որ նշած է, թէ «Ապրիլեան սուրբ նահատակներուն ձօնուած նորակերտ կոթողին դիմաց իր յարգանքը եւ սիրոյ տուրքը ընծայեց մեր մէկուկէս միլիոն նահատակներուն, որոնք իրենց կեանքը տուին Աստուծոյ եւ հայութեան համար։ Հայ ըլլալը նոյնքան քաջութիւն կը պահանջէ այսօր, ինչպէս հալածանքի եւ Եղեռնի ժամանակներուն: Այսօր ալ, հայու մեր կեանքը պէտք է մեծ ճիգով կառուցենք: Հանապազօրեայ պայքարով մեր ինքնութիւնը պաշտպանենք եւ մանաւանդ մեր շունչով եւ օրինակով գալիք սերունդներուն մէջ հայութեան անմեռ հոգին ապրեցնենք»։

 Հանդիսութեան ընթացքին գործադրուած է յաւուր պատշաճի կոկիկ յայտագիր մը։

Քաղուած «Ազդակ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/04/2021, 09:30